Պատմութեան ճիշդ գնահատական տալու անհրաժեշտութեան առջեւ է լիբանանցի ժողովուրդը: Անհրաժեշտութեան առջեւ է իրերը կոչելու իրենց անուններով եւ իր դէմ կիրարկուած շրջափակումի, պաշարումի եւ սովամահութեան քաղաքականութիւնը նկատելու ցեղասպանութիւն:
Ինքնաճանաչումի խնդիր ունի լիբանանցի ժողովուրդը: Որպէսզի համայնքներէն վերածուի ազգի, որպէսզի վերաիմաստաւորէ իր նահատակներուն օրը, ինքնաճանաչումի ճամբով ցեղասպանութիւն յայտարարէ իր դէմ գործադրուածը եւ դատապարտէ Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր այսօրուան իրաւաժառանգորդը:
Կանխամտածուած եւ ծրագրուած սովամահութիւնը, շրջափակումը, ցեղասպանական արարքներ են, ցեղասպանութեան իրաւական սահմանումին մէջ ներառուած: Այն, ինչ որ Օսմանեան կայսրութիւնը իրականացուց Լեռնալիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ցեղասպանութիւն էր:
Մայիս 6-ը օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանական քաղաքական վարքագիծին համապատասխան գործողութիւն է: Մայիս 6-ին կախաղան բարձրացողները լիբանանցի մտաւորականութեան վառ դէմքեր էին, ազատատենչ գաղափարի պայքարողներ, որոնք կը մերժէին կրել օսմանեան լուծը:
Մայիս 6-ի զոհերը տարբեր համայնքներու եւ դաւանանքներու պատկանող մտաւորական ներկայացուցիչներ էին: Կրօնական հանգամանքը որեւէ նշանակութիւն չունէր այս պարագային: Խնդիրը համաթուրանական մղումն էր եւ շրջանի թրքացման քաղաքականութեան համար ազգաբնակչութեան մը մտաւորականութեան գլխատումը կ՛առաջադրէր:
Լիբանանի միջհամայնքային համակարգի ճարտարապետները օսմանցի թուրքերն էին: Առաջադրանքը ոչ թէ միջհամայնքային համակեցութիւնն էր, այլ համայնքներու հակադրումով ազգի հասկացողութեան ստուերումը: Ազգային տեսլականի մթագնումը եւ իւրաքանչիւր համայնքի պարագային հատուածականութեան գերադասումով ներլիբանանեան խնդիրներու խորացումն ու ներհասարակական պառակտումը:
Մայիս 6-ի զոհերու միջհամայնքային ներկայացուածութիւնը նոյնիսկ չկրցաւ յաղթահարել ազգային գիտակցութեան դէմ դրուած օսմանեան պատուարները: Ամբողջ ժողովուրդի դէմ գործադրուած ցեղասպանական արարքները նոյնինքն լիբանանցիներուն կողմէ չսահմանուեցան իրենց առարկայական բնոյթով:
Հիմա լիբանանեան որոշ շրջանակներ Ապրիլ 24-ին կը համատեղեն հայերու, ասորիներու եւ քաղդէացիներու ցեղասպանութիւններու ոգեկոչումը, եւ ապա խնամքով անուշադրութեան կը մատնեն ամբողջ Լեռնալիբանանի դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը:
Լիբանանցի ժողովուրդին այսօր պէտք են հատուածականէն ազգայինի անցումով համալիբանանեան օրակարգերու շուրջ համախմբուածութիւն: Լիբանանի պատմութեան վերաշարադրանքները, անոր համայնքային տարբերակներու որդեգրումները, պատմական իրադարձութիւններու իւրովի մեկնաբանութիւնները կը հեռացնեն այս ժողովուրդը իր ընդհանուր օրակարգերէն:
Խոր արմատներու վերադարձով պատճառահետեւանքային կացութիւններու վերլուծում անհրաժեշտ է եզրակացութիւններու յանգելու համար, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ շահերէ մեկնած բաժանարար գիծերով համայնքները հեռացուց իրարմէ եւ գրաւման քաղաքականութեան ընթացքին ազատ ազգ դառնալու ձգտող մտաւորականութիւնը գլխատեց կամ սովամահութեամբ արգելակեց բռնատիրութեան դէմ ապստամբութեան փորձերը:
Պատմութեան ճիշդ գնահատական տալու անհրաժեշտութեան առջեւ է լիբանանցի ժողովուրդը: Անհրաժեշտութեան առջեւ է իրերը կոչելու իրենց անուններով եւ իր դէմ կիրարկուած շրջափակումի, պաշարումի եւ սովամահութեան քաղաքականութիւնը նկատելու ցեղասպանութիւն:
Ինքնաճանաչումի խնդիր ունի լիբանանցի ժողովուրդը: Որպէսզի համայնքներէն վերածուի ազգի, որպէսզի վերաիմաստաւորէ իր նահատակներուն օրը, ինքնաճանաչումի ճամբով ցեղասպանութիւն յայտարարէ իր դէմ գործադրուածը եւ դատապարտէ Օսմանեան կայսրութիւնն ու անոր այսօրուան իրաւաժառանգորդը:
Այն իրաւաժառանգորդը, որ բարեսիրական գործի շղարշով թափանցումի գործողութիւններ կ՛իրականացնէ հիւսիսէն հարաւ, անցնելով Պէյրութէն: Ազդեցութեան գօտիներ կը ձեւաւորէ թուրքմեն ծագում ունեցողները կազմակերպելով, օսմանցիներու շառաւիղներ յայտնաբերելով, Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն բաշխելով եւ պետական քաղաքականութեան ու իրաւապահ մարմիններուն վրայ լծակներ տեղաւորելով:
Լիբանանեան այս ինքնաճանաչումը կրնայ նպաստել մինչեւ արդի հանգոյցներու լուծման աշխատանքներուն: Այդ ինքնաճանաչումով կը սկսին համալիբանանեան օրակարգերը ձեւաւորելը եւ երկրին, հասարակութեան ու պետութեան շահերը գերադասելը եւ այդ ուղիէն ընթանալով միայն այսօրուան ճգնաժամերը յաղթահարելու գործընթացը:
«Ազդակ»