Հիմա, թէ ի՞նչ անհաւանական յառաջընթաց արձանագրուած է, անորոշ է: Եթէ խաղաղութեան պայմանագիրի բացայայտուած կէտերէն այլ կէտեր եւս ներառուած են, ապա անոնք ենթադրաբար պիտի վերաբերին սահմանազատումին, որուն առաջին հանգրուանը իրականացաւ Պաքուի ճշդած կանոններով: Հայկական կողմը յայտարարած է արդէն, որ կայ որոշում` Սահմանադրութեան փոփոխութեան: Չի խօսուիր Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական յղումի վերացման մասին. փոփոխութիւնը կը հիմնաւորուի պարտադրուած եւ կեղծիքով որդեգրուած Սահմանադրութեան փոխարէն ժողովուրդի կողմէ իրողապէս ընդունուած հանրաքուէով սահմանադրութիւն ունենալու: Այս տարազին տակ է, որ կրնայ Անկախութեան հռչակագիրը տարանջատուիլ նոր որդեգրելի սահմանադրութենէն:
Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք ամերիկացի նախարարին կատարած յայտարարութիւնը անորոշ բաժիններ ունի:
Առաջինը այն, որ ըստ իրեն, կողմերը անհաւանական յառաջընթաց արձանագրած են: Պարզ չէ, թէ ի՞նչ անհաւանական յառաջընթացի մասին է խօսքը: Յստակ չեն համաձայնեցուած կէտերը: Խաղաղութեան պայմանագիրի օրին բացայայտուած կէտերը կը վերաբերէին տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի, տարածքային պահանջներէ ներկայիս եւ հետագային հրաժարումի, ուժի հռետորաբանութեան չօգտագործման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ նման ածանցեալ հարցերու:
Պաքուէն հնչած պահանջները աւելցած էին` անքլաւներ, խորհրդային քարտէսներու հիման վրայ սահմանազատման գործընթաց, Զանգեզուրի միջանցք, ապա Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրութեան փոփոխութիւն:
Հիմա, թէ ի՞նչ անհաւանական յառաջընթաց արձանագրուած է, անորոշ է: Եթէ խաղաղութեան պայմանագիրի բացայայտուած կէտերէն այլ կէտեր եւս ներառուած են, ապա անոնք ենթադրաբար պիտի վերաբերին սահմանազատումին, որուն առաջին հանգրուանը իրականացաւ Պաքուի ճշդած կանոններով: Հայկական կողմը յայտարարած է արդէն, որ կայ որոշում` Սահմանադրութեան փոփոխութեան: Չի խօսուիր Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական յղումի վերացման մասին. փոփոխութիւնը կը հիմնաւորուի պարտադրուած եւ կեղծիքով որդեգրուած Սահմանադրութեան փոխարէն ժողովուրդի կողմէ իրողապէս ընդունուած հանրաքուէով սահմանադրութիւն ունենալու: Այս տարազին տակ է, որ կրնայ Անկախութեան հռչակագիրը տարանջատուիլ նոր որդեգրելի սահմանադրութենէն:
Երկրորդ անյստակ բաժինը գոյանալիք համաձայնութեան համար կողմերէն ակնկալուած բարդ եւ դժուար զիջումներն են: Այս բոլորով հանդերձ ազրպէյճանական կողմը ի՞նչ զիջում պիտի ընէ, երբ`
Ա.- Արցախը արդէն դուրս եկած է խաղաղութեան համաձայնագիրի կէտերէն,
Բ.- Երբ սահմանազատման գործընթացը փոխան փաթեթայինի կ՛ընթանայ փուլային ձեւով եւ առաջին հանգրուանը կը յատկանշուի հայկական կողմէն գիւղերու յանձնումով,
Գ.- Սահմանազատման գործընթացը կը սկսի նախքան ազրպէյճանական զօրքերու հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն հեռանալը,
Դ. Հայկական կողմը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Սահմանադրութիւն փոխելու:
Խնդիրը սուր կերպով պահանջուած միջանցքն է, որուն Երեւանը մինչ այժմ կ՛ընդդիմանայ: Ուրեմն, հայկական կողմէն է, որ բարդ եւ դժուարին զիջում կ՛ակնկալուի` տրամադրելու համար միջանցքը. հայկական ձեւակերպումով` ապաշրջափակումը:
Այստեղ է փաստօրէն ամբողջ աշխարհաքաղաքական հանգոյցը: Երեւանի ընդդիմութիւնը միջանցք չտալու բաւարար չէ: Կայ իրանեան վճռական կեցուածքը, որ կը մերժէ Հայաստանի հետ իր դարաւոր սահմանի փոփոխութիւնը: Կայ ռուսական մօտեցումը, որ միջանցքի վերահսկողութիւնը կը պատկերացնէ միայն ռուս սահմանապահներու վերահսկողութեամբ: Կայ բնականաբար այս մօտեցումին հակադրուող հաւաքական Արեւմուտքը, որ կ՛առաջադրէ հաղորդուղի կամ միջանցք կամ որեւէ կարգավիճակ, ուր ռուսական գործօնը կը բացակայի: Չմոռնանք թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի պայմանը` խաղաղութեան համաձայնութիւնը կ՛ամբողջանայ միջանցքի բացումով: Հերթական այս յայտարարութիւններուն վերջինը Թուրքիոյ նախագահին ճամբով յայտարարուածն է:
Բարդ եւ դժուարին զիջումներու մասին ամերիկեան ակնարկէն ետք, այս պահու դրութեամբ չեղեալ նկատուած է Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ հանդիպումը: Նախ Պաքուն Երեւանի վրայ բարդեց պատասխանատուութիւնը հանդիպումը մերժելու, ապա ժամեր անց նոյնը ըսաւ Երեւանը Պաքուի հասցէին:
Այս բոլորը կը նախանշեն, որ ամէնէն բարդ խնդիրը միջանցքին կամ հաղորդուղիներուն ստանալիք կարգավիճակի եւ վերահսկողութեան կը վերաբերի ուղղակիօրէն: Մնացեալը` անհաւանական յառաջընթացը, բարդ ու դժուարին զիջումները կամ անվերջ փոխուող պայմանները այս հանգոյցէն կախեալ են:
«Ա.»
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն