Ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ՝
Չեմ գիտեր ո ՞վ ըսած է թէ ստրուկները ամենէ աւելին կ՚ատեն այն ստրուկներուն որոնք ազատութեան համար կը պայքարին։
Համոզուած եմ թէ շատ ճիշտ է ըսուածը։
Պատճառն այն է թէ ստրուկը բռնութեան ազդեցութեան տակ այնքան սարսափած կ՚ըլլայ ու կատարելապէս յուսալքուած, որ չի համարձակիր վտանգել ինքզինք, եւ ուրեմն չի համարձակիր պայքարիլ։ Միեւնոյն ժամանակ սակայն, չար նախանձէ մղուած, ստրուկը չ՚ուզէր տեսնել մէկ ուրիշը որ ազատագրուի, կամ ՆՈՅՆԻՍԿ ձգտումը ունենայ ազատագրութեան համար պայքարելու։
Վերէն վար, մեր իրավիճակն ալ նոյնն է։ Գիտեն թէ վիճակը վատ է, գիտեն թէ անկարող են վիճակը փոխել, յանձնառութիւնն ու քաջութիւնը չունին խիզախ քայլեր առնելու, բայց կ՚ուզեն ճզմել նոյնինքն փոխել ուզողը՝ պայքարիլ ուզողը։
Աւելին, իրավիճակը փոխելու կարողութիւնն ու ցանկութիւն ունեցողը կը վերածուի գլխաւոր թշնամիի։ Խիզախութիւնն ու քաշուած սուրն ալ իւրայիններուն դէմ կ՚ուղղուի միայն։
Ճղճիմութիւնը տակաւին ուրիշ ինչպէ ՞ս կ՚ըլլայ։ Հասկցողը կը հասկնայ։