Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Խան Եունես բնակավայրին իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով 24 ժամուան մէջ 50 մարդ զոհուած է: Այս մասին հաղորդած են արաբական լրատուամիջոցները։
Երեքշաբթի՝ 23 յունուարին, Իսրայէլի հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակն աւարտած է Խան Եունես քաղաքի շրջափակումը, որուն նախորդած են քանի մը օր կատաղի մարտեր։
Օրերս յայտնի դարձած է, որ Իսրայէլը հրաւիրած է Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդները՝ քննարկելու ՀԱՄԱՍ-ի հետ պատանդներու ազատ արձակման վերաբերեալ նոր համաձայնագիրը։
Ըստ Իսրայէլի անանուն աղբիւրների, գործարքը, եթէ այն կնքուի, տեղի պիտի ունենայ քանի մը փուլով։ Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն՝ պայմաններու համաձայնեցման համար պիտի պահանջուի մօտ երկու ամիս։