image

«Մենք յանձնառու ենք խաղաղութեան». Իրանի նախագահ

«Մենք յանձնառու ենք խաղաղութեան». Իրանի նախագահ

Իրանը յանձնառու է խաղաղութեան, սակայն անոր անհրաժեշտ են փոխհատուցումներ եւ ԱՄՆ-ի ու Իսրայէլի կողմէ յստակ երաշխիքներ, այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։

«Սիոնիստական ​​ռեժիմի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ սանձազերծուած այս պատերազմը դադրեցնելու միակ ճանապարհը Իրանի օրինական իրաւունքներու ճանաչումն է, փոխհատուցումներու վճարումը եւ միջազգային յստակ երաշխիքներու տրամադրումը, որ յարձակումը ապագային պիտի չկրկնուի»,-նշած է ան։

«Ռուսիոյ եւ Փաքիստանի ղեկավարներու հետ զրոյցին ես վերահաստատեցի Իրանի յանձնառութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման», - գրած է նախագահը իր Ֆէյսպուքեան էջին։