Մենք կը հաւատանք երկխօսութեան, ներգրաւուած կողմերը պէտք է շարունակական երկխօսութեան մէջ ըլլան: Այդ մասին համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորղոս Կերափեթրիթիսը՝ պատասխանելով հարցին, թէ հնարաւոր կը համարէ՞ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը:
«Կը կարծեմ՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որ Հայաստանի Կառավարութիւնը ներկայացուցած է, խնդրի շատ արդարացի եւ կայուն լուծում է:
Կը կարծենք՝ խաղաղութեան գործընթացը պէտք է յստակօրէն ներառէ յստակ խնդիրներ, եւ պէտք է սահմաններու սահմանազատումը յստակ ըլլայ, որ հետագային վայրագութիւններ չդրսեւորուին: Երկու կողմերը պէտք է ներգրաւուած ըլլան այս գործընթացին:
Կը կարծեմ՝ կայ իրատեսական հնարաւորութիւն, որով լուծումներու կրնանք հասնիլ ապագային: Պէտք չէ ռազմական գործողութիւններ տեղի ունենան»,-ըսած է Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարը եւ աւելցուցած, որ պատրաստ են ծառայութիւններ մատուցելու ոչ միայն միջազգային հարթակներու վրայ, այլեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու միջոցաւ: