image

Խաղաղապահներու հարցով համաձայնութիւն չկայ

Խաղաղապահներու հարցով  համաձայնութիւն չկայ

Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ժամանակ կողմերը համաձայնութեան չեն եկած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մանթատը երկարացնելու շուրջ։ Այսօր Ազգային ժողովէն ներս 2023–ի պետական պիւտճէի նախագծի քննարկման ժամանակ յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Մենք առաջարկեցինք, որ հենց Սոչիում տեղում որոշում կայացուի ԼՂ–ում տեղակայուած ՌԴ խաղաղապահների մանթատը երկարացնելու վերաբերեալ` անորոշ ժամանակով, 20 տարով, 15 տարով, 5 տարով եւ այլն։ Մեր առաջարկն այս փուլում չընդունուեց, բայց պէտք է արձանագրեմ, որ, իմ ընկալմամբ, հարցը դարձաւ օրակարգային»,–ըսած է Փաշինեան։

Վարչապետը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութեան երաշխիքն այսօր խաղաղապահներու ներկայութիւնն է, քանի դեռ չեն ստեղծուած անվտանգութեան ապահովման յուսալի մեքանիզմներ ու երաշխիքներ։

«Քանի որ կարող է սխալ տպաւորութիւն ստեղծուել, ես ուզում եմ ասել, որ մեր քաղաքականութիւնը Սոչիից առաջ ու Սոչիից յետոյ ոչ մի, նոյնիսկ նուազագոյն փոփոխութիւն չի կրել»,–ըսած է Փաշինեան`աւելցնելով, որ ինքը Սոչիի մէջ վերահաստատած է Փրակի մէջ եղած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ատրպէյճանական կողմը եւս չէ հերքած:

Վարչապետը յիշեցուցած է, որ 2020–ի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան համաձայն` խաղաղապահներու մանթատը կ'երկարաձգուի ինքնաբերաբար, եւ չերկարաձգուիր միայն այն ժամանակ, եթէ 5-ամեայ ժամկէտը լրանալէն 6 ամիս առաջ կողմերէն մէկը առարկութիւն ներկայացնէ։