Հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ 11 Յունուարին ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու իրականացուցած սադրանքի հետեւանքով զոհուած ժամկէտային զինծառայող 19-ամեայ Վահան Պապայեան Հայաստանի ողիմպիական թաոքուանտոյի մեծահասակներու գործող ախոյեանն էր։ Վահան նաեւ Եւրոպայի առաջնութեան մասնակից էր, եղած է երիտասարդներու առաջնութեան ախոյեան։ Վահան բանակ զորակոչուած էր 2021-ի ամրան։
«Շատ էր սպասում ծառայութեանը։ Ասում էր՝ կեանքիս գնով հողս կը պահեմ։ Վահանը խիզախ էր, ժպտերես, նպատակասլաց, սիրում էր ամէն ինչ կազմակերպել։ Իր հետ եղած տղաներն ասում են, որ եղբայրս ԱԹՍ հարուածից է մահացել»,- նշեց Վահանի եղբայր Վոլոտեայ Պապայեան։
Վահան Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքէն էր։ Կ'ուսանէր Հրազդանի պետական քոլէճի ծրագրաւորման բաժին, ան չորրորդ դասարան էր։ Ընտանիքին հետ քանի մը օր առաջ կապ պահած էր նամակագրութեան միջոցով։ Վահան ունէր իրմէ մեծ մէկ քոյր եւ եղբայր։