image

Կազայի վիճակին համար. Էրտողան մեղադրած է Արեւմուտքը

Կազայի վիճակին համար. Էրտողան մեղադրած է Արեւմուտքը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ Արեւմուտքը պատշաճ միջոցներ չի կիրառեր այն պարագային, երբ Կազայի մէջ չկայ ոչ հաց, ոչ ջուր, ոչ պարէնամթերք։

Այս մասին, ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, Թուրքիոյ առաջնորդը յայտարարած է Անգարայի մէջ իր ելոյթի ժամանակ։

«Ներկայ պահուն Կազայի մէջ չկայ ոչ ջուր, ոչ հաց, ոչ պարէնամթերք: Այս ամէնը կը հակասէ մարդու իրաւունքներուն: Ու՞ր է Արեւմուտքը, ինչ-որ միջոցներ կը ձեռնարկէ՞»,-ըսած է Էրտողան: