image

Կազայի մէջ մէկ միլիոն երեխաներու կեանքը վտանգի տակ

Կազայի մէջ մէկ միլիոն երեխաներու կեանքը վտանգի տակ

1 միլիոն երեխաներու կեանքը Կազայի մէջ վտանգի տակ է, ըսած է ՄԱԿ-ի Մանկական ֆոնտի (Եունիսեֆ) Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի գիծով տարածաշրջանային տնօրէն Ատել Հոտր։

 

«Հազարաւոր երեխաներ կը մնան Կազայի հիւսիսային շրջանը, մարտական գործողութիւններու աշխուժացման պայմաններու տակ։ Այդ երեխաները երթալու տեղ չունին, եւ անոնք կ'ենթարկուին հսկայական վտանգի,- նշուած է Հոտրի յայտարարութեան մէջ։ -Հիւանդանոցներու պաշտպանութիւնը եւ կենսականօրէն կարեւոր դեղամիջոցներու առաքումը պարտաւորութիւն է ռազմական ժամանակի օրէնքներով, եւ հիմա անհրաժեշտ է թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը»։

Եունիսեֆ-ի յայտարարութեան համաձայն՝ դեռ մինչեւ մարտական գործողութիւններու սկսիլը Կազայի մէջ լրջօրէն ծանրաբեռնուած էին երեխաներու առողջութեան պահպանման ծառայութիւնները. առողջապահութեան ոլորտին մէջ կը բացակայէին անհրաժեշտ նիւթական ենթակառուցուածքը, բժշկական սարքաւորումները, իսկ ծառայութիւններու տրամադրումը, ներառեալ ջրամատակարարումը, յաճախ կ'ընդհատուէր ելեկտրականութեան անջատման պատճառով։

Նշուած է նաեւ, որ աւելի քան 1,5 միլիոն տեղահանուած անձ, ներառեալ 700 հազար երեխայ, ներկայիս անվտանգ ջուրի հասանելիութենէն զրկուած է եւ կ'ապրի ահաւոր առողջապահական պայմաններու տակ։ Օր ըստ օրէ կ'աւելնայ վարակներու եւ հիւանդութիւններու վտանգը յատկապէս երեխաներուն համար։