Թուրքիոյ հետ զուգահեռ «խոշորացոյց»ով պիտի դիտուին այն հրոսակները, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով «կը սնուին» Անգարայէն։
Արաբական աշխարհը երկու ձեռքով պիտի ողջունէ, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները վերադառնան պետութեան ծոցը։
Ներքին նոր տինամիք քաղաքական գործընթացները ընթացք պիտի առնեն։
Չի բացառուիր անշուշտ, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող իրանեան ներկայութիւնը (նոյնիսկ մասնագէտներու տեսքով) կրճատուի։
Այս բոլորը պիտի կատարուին ի հեճուկս արեւմտեան տեսակէտներուն եւ շատ պարզ է, որ մինչեւ ԱՄՆ նոր նախագահի ընտրութիւնը Ռուսիոյ դերը շատ աւելի ուժեղ եւ շեշտուած կերպով պիտի համալրուի Սուրիոյ մէջ։
Ոմանց համար տխուր է այս ամէնինչը, բայց ցաւագին փաստ է։ Միացեալ Նահանգներու համար նոր չէ այս խաղաոճը եւ կը բխի ամերիկեան խորքային ու մեծ շահերէն։
Կազայի պատերազմին զուգահեռ կարեւոր իրադարձութիւններ երեւելի կը դառնան Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններու մէջ։
Ճիշդ է, որ հիմնական առանցքը կը շարունակէ մնալ Կազէյի ճակատը, բայց եւ այնպէս բոլորին համար յստակ է, որ այդ տագնապը (Պաղեստին-իսրայէլեան այս փուլի հիմնական զարգացում՝ պատերազմը) տարբեր «հագուստներ» հագուելով արդէն իսկ դուրս եկած է իր հիմնական աւազանէն։
Պատերազմը այո իր ամենաթէժ իրադարձութիւնները կը շարունակէ ապրիլ, ու այդ առումով ալ առնուազն վերջին տաս օրերուն եղած դէպքերը կու գան գծելու նոր հիմնապատկեր մը, որ առաւելաբար կը խօսի պաղեստինցի զինեալներուն գետնի վրայ ունեցած առաւելութիւններուն մասին։
Շատեր կրնան առարկել ու բացայայտ կերպով յայտարարել, թէ ինչ առաւելութեան մասին է խօսքը, երբ ամբողջ Կազան, կամ այդ քաղաքի առ հարիւրը գետնի հաւասար վիճակ մը կը պարզէ, բայց մեր դիտարկումը այլ ուղղութեամբ է, որ կը սլանայ։
«Առաւելութիւն»ը, որուն ակնարկեցի «Համաս»ականներուն տուած բաւականին ցաւատանջ հարուածներուն մասին են, որ լախտի հարուածներու պէս կ՚իջնեն Իսրայէլի «Պաշտպանութեան բանակ»ի գլխուն։
Այս առումով ալ ամէնէն ուղենշայինը «Ալ Մաղազի» շրջանին մէջ եղած հարուածն էր, որուն հետեւանքով ամբողջ Իսրայէլը ապրեցաւ «տժգոյն» պահեր։
Ուրեմն «Ղիլաֆ Կազա»ի ( Ղիլաֆ արաբերէնով ՝ շերտ, ծայր, եզրագիծ խմբ. ՝ Ս. Արեան) մերձ գտնուող «Մաղազի» շրջանը օրերուն ունեցաւ իսրայէլեան բանակին համար ցաւ պատճառած դրուագներ։
«Համաս»ի զինեալներ կարողացան , նոյնինքն իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերուն կողմէ ականապատուած երկու շէնքեր օդը հանել պատճառելով իսրայէլեան բանակի 21 զոհեր (սա պաշտօնական թիւն է)։ Եղածը անսպասելի էր, որուն մասին ալ լրատւութիւնէն անդին տարուեցաւ վերլուծական գիծ մը, իսկ Իսրայէլ տէրութեան ամենաբարձր հարթակի (առաջին կարգի) գործիչներ, ոչ միայն դատապարտեցին եղածը, այլ մանաւանդ դիտել տուին, որ եղածը քաոսային դէպք մըն էր։
Այս բոլորն անշուշտ մեր առջեւ կը բանան աւելի վաղ գրուած ենթադրական մօտեցումներու հիմնական շարք մը, ըստ որուն Իսրայէլի համար Կազայի մէջ երկարատեւ պատերազմ մղելու դրոյթը միայն վնասաբեր է ու կարգ մը պարագաներու ալ կրնայ ըլլալ ահարկու ու լլկող։
Լլկանքն է ի վերջոյ, որ պիտի յոգնեցնէ իսրայէլեան բանակը, որ առանց անոր ալ այսօր ունի հոգեբանական լրջագոյն խնդիրներ։
Նոյն առումով է նաեւ, որ օրստօրէ աւելիով սկսած են աճիլ այն վերլուծութիւնները, որոնք կը դիտարկեն, թէ Իսրայէլ իր այսօրուայ իրավիճակէն դուրս գալու նպատակով «պարտաւորուած» է բանալ լիբանանեան հարաւի ճակատը։ Ճակատ, որուն հիմքով ալ Իսրայէլ պիտի փորձէ նոր «տակնուվրայութիւն» ստեղծել տարածաշրջանին մէջ։ Այդ սենարին հիմամբ հարուածներ պիտի ստանայ Լիբանանեան «Հըզպալլա»ն, ու այս անգամ ի տարբերութիւն անցեալի փուլերուն հարուածները բացառապէս ուղղուած պիտի ըլլան «Հըզպալլա»ին։ Այդպիսով Իսրայէլ գործադրութեան պիտի դնէ «մէկ քարով երկու թռչուն» մօտեցումը, նախ «հանդարտեցնել»ով միջազգային հանրութեան «բոցավառ» ուշադրութիւնն ու հայացքը աղէտահար Կազայէն ու ապա նոր որակներու ներքին լարում առաջացնել լիբանանեան ճակատին վրայ։
Այս բոլորն անշուշտ ենթադրութիւններու մեծ շղթայի մը օղակներն են, որոնց միակ նպատակը Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահույի «ստեղծած» քաոսէն ձերբազատուելու փորձն է, որ բոլոր պարագաներուն ալ դժուար ու անշնորհակալ գործ մըն է։
Իսրայէլի հասարակութիւնը, որն այսօր մեծ հարցադրումներ, դժգոհութիւն եւ բողոք ունի իր կառավարութեան ու անոր գլխաւոր դէմքին հանդէպ, ի վերջոյ կը սպասէ Կազայի մէջ հրադադարի առաջին աւետիսին, որպէսզի իր շարժումները ուղղէ բոլորովին այլ ուղղութեամբ եւ արագօրէն պահանջէ Նաթանիահույի հրաժարականն ու անոր վերջնական տապալման առջեւ լայն դուռը բանայ։
Հոս է նաեւ, որ կը ծագի ամենաէական հարցադրումը, որ Նաթանիահու եւ իր կառավարութիւնը, պիտի կարողանան երկարաձգել այս պատերազմը թէ ոչ։
Ի վերջոյ այդ երկարաձգումը չի բխիր Իսրայէլի թիւ մէկ հովանաւոր՝ Միացեալ Նահանգներու խորքային շահերէն, որուն բարձրագոյն ղեկավարութիւնը հազիւ թէ կը կարողանայ «զսպել» հասցէական մեղադրանք ու դժգոհութիւնը Նաթանիահույի վարքին, գործած սխալներուն ու նաեւ Կազայի մէջ անոր հեռահար ծրագրիրներուն մասին։
Իրադրութիւնը բաւականին լուրջ է Իսրայէլի համար, որուն տնտեսական, անվտանգային եւ այլ խնդիրները օրըստօրէ աւելիով մեծ տարողութեան կը հասնին։
Ամերիկացիք Սուրիայէն պիտի հեռանա՞ն
Օրերս ամերիկեան քաղաքական լրահոսին հետեւողներուն համար ամէնէն ուշագրաւ լուրը՝ Թրամբի ունեցած առաջընթացը չէր, այլ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու «մօտալուտ» հեռացման մասին լուրերը։
Ճիշդ է, որ սա առաջին անգամը չէ, որ ԱՄՆ կը յայտարարէ, որ այլեւս «ձանձրացած» է Սուրիոյ մէջ «խաղալէ» ու այդ առումով չէ կատարած որեւէ քայլ, սակայն այս անգամ յայտարարութիւններու «թայմինկ»ը, երանգները եւ գետնի վրայ տիրող դրութիւնը բոլորովին տարբեր են։
Տարբեր են, որովհետեւ այն օրէն, երբ Կազայի պատերազմը սկսաւ ամերիկեան խարիսխներու դէմ եղած գրոհները աւելցան (թէ Իրաքի եւ թէ ալ Սուրիոյ մէջ), եւ ամերիկեան ուժերու ընդհանուր դրութիւնը դարձաւ խոցելի։
Այս բոլորը կը բանան նոր հարցադրումներու մեծ տոպրակ մը, որ նաեւ պիտի պիտի ընթացք տան Սուրիոյ մէջ մեծագոյն ու կարեւոր զարգացումներու։
Հոս է նաեւ, որ կը փաստուի հին-նոր վարկածը, որ յատկապէս Սուրիոյ իշխանութիւններուն թէզին կը ծառայէ, որ հեռու չէ այն օրը, որ Սուրիայէն հեռանան բոլոր օտար ուժերը։
Այստեղ մի քանի արագ դիտարկում կատարուած յայտարարութեան վերաբերեալ։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ քիւրտ զօրամիաւորումներուն ճակատագիրը։
ԱՄՆ-էն ետք Թուրքիան եւ Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմական ներկայութիւնը թիրախ պիտի դառնայ մեծ քննադատութիւններու։
Թուրքիոյ հետ զուգահեռ «խոշորացոյց»ով պիտի դիտուին այն հրոսակները, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով «կը սնուին» Անգարայէն։
Արաբական աշխարհը երկու ձեռքով պիտի ողջունէ, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները վերադառնան պետութեան ծոցը։
Ներքին նոր տինամիք քաղաքական գործընթացները ընթացք պիտի առնեն։
Չի բացառուիր անշուշտ, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող իրանեան ներկայութիւնը (նոյնիսկ մասնագէտներու տեսքով) կրճատուի։
Այս բոլորը պիտի կատարուին ի հեճուկս արեւմտեան տեսակէտներուն եւ շատ պարզ է, որ մինչեւ ԱՄՆ նոր նախագահի ընտրութիւնը Ռուսիոյ դերը շատ աւելի ուժեղ եւ շեշտուած կերպով պիտի համալրուի Սուրիոյ մէջ։
Ոմանց համար տխուր է այս ամէնինչը, բայց ցաւագին փաստ է։ Միացեալ Նահանգներու համար նոր չէ այս խաղաոճը եւ կը բխի ամերիկեան խորքային ու մեծ շահերէն։
Սագօ Արեան