image

Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները դէմ են Իրանի հետ նոր պատերազմի գաղափարին

Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները դէմ են Իրանի  հետ նոր  պատերազմի գաղափարին

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները կը պնդեն կանխել Թեհրանի վրայ ռազմական հարուածը, որ կրնայ տարածաշրջանը ներքաշել աւելի լայն հակամարտութեան մէջ, հաղորդած է The New York Times-ը։

Տարածաշրջանին մէջ ամերիկայի դաշնակիցները շաբաթներ շարունակ կը փորձեն թուլացնել լարուածութունը, այն բանէ ետք, երբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջին անգամ սպառնաց ռազմական միջամտութեամբ՝ ի պատասխան Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու ճնշման։

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելատիի գրասենեակը յայտնած է, որ ան առանձին զրոյցներ ունեցած է իր իրանցի եւ ամերիկացի գործընկերներու՝ Ապպաս Արաքչիի եւ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ՝ կոչ ընելով թուլացնելու լարուածութիւնը։

Աւելին, Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մոհամմետ պըն Սալմանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ եւ կոչ ըրած է «կարգաւորելու վէճերը երկխօսութեան միջոցով՝ այնպէս, որ նպաստէ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան»։

Իրանցի պաշտօնեաները յայտարարած են, որ որեւէ յարձակում պիտի յանգեցնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններ տեղակայող Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներու դէմ պատասխան գործողութիւններու, որ մտահոգութիւններ առաջացուցած է այնպիսի երկիրներու մօտ, ինչպիսիք են Քաթարը, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները եւ Սէուտական Արաբիան, խոշոր հակամարտութեան հնարաւոր հետեւանքներու վերաբերեալ։

Վերլուծաբանները կը կարծեն, որ Սպիտակ տունը, հաւանաբար, պիտի փորձէ զգալի զիջումներ ստանալ Իրանէն, այդ շարքին՝ ուրանի հարստացման դադրեցում եւ պալիսթիք հրթիռներու արտադրութեան սահմանափակումներ: Այնուամենայնիւ, պարզ չէ, թէ արդեօք Իրանը պատրաստ պիտի ըլլայ քննարկելու այս պահանջները: