image

Ոչ մէկ ապացոյց կայ, որ Իրանի դէմ 12-օրեայ պատերազմի ժամանակ Ատրպէյճանն օգնած է Իսրայէլին. Լարիժանի

Ոչ մէկ ապացոյց կայ, որ Իրանի դէմ 12-օրեայ պատերազմի ժամանակ Ատրպէյճանն օգնած է Իսրայէլին. Լարիժանի

Ատրպէյճան չէ օգնած Իսրայէլին Իրանի դէմ, ըսած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի:

«Մենք պէտք է խօսինք ապացոյցներով: Ոմանք ինչ որ բաներ կ'ըսեն, բայց անոնք պէտք է մեզ տրամադրեն ճշգրիտ յղումներ: Մենք դեռ որեւէ յղում չունինք. Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ինք յստակ կ'ըսէ, որ նման բան տեղի չէ ունեցած, եւ մենք դեռ որեւէ ապացոյց չունինք սեղանին դնելու համար: Բացի այդ, յիշէք, որ Ատրպէյճանը իսլամական երկիր է, մեր հարեւանը, եւ այն շատ մօտ է մեզի մշակութային կապերու առումով եւ մեր բարեկամն է»,- նշած է ան:

«Մինչեւ օրս մենք որեւէ ապացոյց չենք ունեցած այն մասին, որ Ատրպէյճան օգնութիւն ցուցաբերած է Իսրայէլին Իրանի 12-օրեայ պատերազմի ժամանակ»,-ընդգծած է ան: