Հակասական տեղեկութիւններ կը հրապարակուին Իրանեան «Սապիթի» անունը կրող նաւաթատար նաւուն մասին։
Մինչ իրանեան «Բրէս Թի Վի».ն տեղեկութիւն հրապարակեց այն մասին, որ իրանեան նաւը գրոհի ենթարկուած է աւելի ուշ եւ ըստ նաւու սեփականատէր ընկերութեան մամլոյ ծառայութեան Կարմիր ծովէն անցնող իրանեան նաւը բնականոն հունով կը շարունակէ իր ճամբորդութիւնը։
Իր կարգին «Ալ Արապիա» կայանը, որ իրանեան նաւուն մասին բաւական մեծ տեղ յատկացուց նշեց, որ նաւուն մասին հրապարակուած տեղեկութիւնները հակասական են, սակայն իրենց ունեցած վերջին տուեալներով նաւը իր ճամբորդութիւնը կը շարունակէ դէպի Կարմիր ծովու հարաւային հատուածը։