Հայաստանի միջազգային գործընկերներն աւելի քան 35 միլիոն եւրօ աջակցութիւն խոստացած են տրամադրել Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով։
Այս մասին ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան։
Անոր խօսքով` եւս 35 միլիոն եւրօ այլ եղանակով պիտի յատկացուի։
«Դրանցից 15 միլիոն եւրօն կը յատկացուի պիւտճէտային աջակցութեան եղանակով ՀՀ կառավարութեան գանձապետական հաշուին, իսկ մնացած միջոցները զարգացման գործակալութիւններն իրենց կողմից Հայաստանում գտնուող ներկայացուցչութիւնների միջոցով կ'ուղղեն նոյն կարիքների կամ խնդիրների լուծման համար»,– ըսած է Խաչատրեան։
Ան աւելցուցած է, որ երկու շաբաթներու ընթացքին միջազգային գործընկերներէն ստացած են աւելի քան 100 թոն մարդասիրական բեռ, որ կը բաշխուի ըստ մարզերու` Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու կարիքները հոգալու համար։