ՀՅԴ-ն «Հայդուկ» ջոկատ երբեւէ չէ ունեցած, այդ սուտ տեղեկատուութիւն է` յետին նպատակներ հետապնդող, այդպիսի բան գոյութիւն չունի, վստահեցուց ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» գումարտակի շտաբի պետ, պահեստազօրի գնդապետ Արտաշէս Մխիթարեանը:
Սուտ տեղեկութիւն` իբրեւ թէ ԱԱԾ-ն դաւաճանութեան մեղադրանքով կալանաւորած է դաշնակցական «Հայդուկ» ջոկատի հրամանատար Սամօն, մի քանի օր է համացանցին մէջ կը տարածուի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աջակից աքթիւիսթ Վարդան Յարութիւնեանը: Ան նաեւ կը նշէ, իբր Սամոյի շտաբը եղած է ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ինչ որ եւս Արտաշէս Մխիթարեանը կտրուկ հերքեց: Ան երբեւէ չէ տեսած նկարին մէջ պատկերուած մարդը` անծանօթ դէմք է:
«Ընդհանրապէս «Հայդուկ» ջոկատ գոյութիւն չէ ունեցած, նաեւ Արամ Մանուկեան կեդրոնին մէջ, մեզի հետ կապը բացառուած է: Այդ լուսանկարին մէջ պատկերուածը անծանօթ դէմք է, չեմ ճանչնար», ըսաւ Արտաշէս Մխիթարեանը:
Այս սուտը տարածող Վարդան Յարութիւնեանը Ազատութեան հրապարակին մէջ Հրանդ Մարգարեանի վրայ յարձակողներէն մէկն էր` Սուլթան Համիտը ճիշդ համարող, Թուրքիոյ պետական շահերուն համար խիստ մտահոգ, «խաղաղարար», Լեւոն Տէր Պետրոսեանի աջակիցը: ՀԱԿ-ի 2016-ի համագումարին մէջ անոր լուսանկարը կ'երեւի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թիկունքին: Ան ֆէսպուքով տարածած է նաեւ ջահերով երթի ժամանակ Թուրքիոյ այրող դրօշի պատկերն ու Ոստիկանութեան հաղորդում ներկայացուցած է առերեւոյթ յանցագործութեան մասին, ինչպէս նաեւ գրառում կատարած` «Ապտուլ Համիտը ճիշդ էր, դաշնակները սխալեցան»: Այս երիտասարդը նաեւ իր լուսանկարը տարածած է` ձեռքին ցուցանակ «ապագան խաղաղութեանն է» գութեամբ:
Վարդան Յարութիւնեանը ակնյայտօրէն հակադաշնակցական քաղաքական գիծ կը տանի, բայց նոյնիսկ այդ պարագային անհասկնալի է անոր բարոյական նկարագրի խեղուածութիւնը, որով հարիւր հազարաւոր անմեղ հայերու կոտորածը կազմակերպած Ապտուլ Համիտին կը համարէ ճիշդ: Անոր գրառումները նաեւ ակնյայտ զրպարտութիւն են, որով պէտք է զբաղին իրաւապահները:
Նիւթը «Երկիր» կայքէն: