image

Իրանէն հերքում. Ռիատի դէմ յարձակում չկայ

Իրանէն հերքում. Ռիատի դէմ  յարձակում  չկայ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը հերքած է Սէուտական Արաբիոյ վրայ Իրանի կողմէ սպասուող յարձակման մասին տեղեկութիւնը։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին Wall Street Journal-ը գրած էր, որ Սէուտական Արաբիան ԱՄՆ-ին հետախուզական տեղեկութիւններ փոխանցած է թագաւորութեան թիրախներու վրայ Իրանի կողմէ «մօտակայ յարձակման» մասին։ 

Թերթի տուեալներով՝ Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնեաները ըսած են, որ Իրանը, իբր, կը պատրաստուի յարձակելու ե՛ւ թագաւորութեան, ե՛ւ Իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքին վրայ՝ «փորձելով շեղել ուշադրութիւնը ներքին բողոքներէն»։