image

Կարէն Միրզոյեան հանդիպած է Յունաստանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ

Կարէն Միրզոյեան հանդիպած է Յունաստանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ

 Յունաստան կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 15 մարտին հանդիպումներ ունեցած է շարք մը քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու, մասնաւորապէս Փանայոտիս Զխուրիտիսի («Անկախ յոյներ» կուսակցութեան փոխնախագահ), Լիանա Քանէլիի (Կոմունիստական կուսակցութիւն), Սիլվանա Ռապթիի (ՊԱՍՕԿ՝ Համայունական սոցիալիստական շարժում), Էվի Խրիստոֆիլոփուլուի («Դեմոկրատական համախմբում» կուսակցութեան), Կէորկիոս Քումուցակոսի («Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան) հետ:

 

 Կարրն Միրզոյեան յոյն խորհրդարանականներուն ներկայացուցած է իրավիճակը Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարած է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ  Արցախի իշխանութիւններու կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն՝  ուղղուած բանակցային գործընթացի վերսկսման պայմաններու ապահովման:


 

Անդրադառնալով Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացի մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն ու վերջին զարգացումներուն՝ ԱԳՆ ղեկավարը ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հաստատակամութիւնը՝ ամրապնդած ժողովրդավարական արժէքներու եւ սկզբունքներու վրայ հիմնուած անկախ պետականութիւնը։


 

Հանդիպումներու ընթացքին միտքեր փոխանակուած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան ձեւաչափով համագործակցութեան հնարաւորութիւններու եւ հեռանկարներու շուրջ։