image

Իմ նախագահութիւնը պիտի չըլլայ Պայտընի նախագահութեան շարունակութիւնը. Հարիս

Իմ նախագահութիւնը պիտի չըլլայ Պայտընի նախագահութեան շարունակութիւնը. Հարիս

Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատ թեկնածու, փոխնախագահ Քամալա Հարիսը Fox News-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային, իր նախագահութիւնը պիտի տարբերի Սպիտակ տան ներկայիս ղեկավար Ճօ Պայտընի վարած քաղաքական գիծէն։ 

«Թոյլ տուէք շատ յստակ ըսել. իմ նախագահութիւնը պիտի չըլլայ Ճօ Պայտընի նախագահութեան շարունակութիւնը։ Ինչպէս իւրաքանչիւր նոր նախագահ, որ կը ստանձնէ պաշտօնը, ես իմ հետ պիտի բերեմ իմ կեանքի ու մասնագիտական փորձը, նոր գաղափարները»,-ըսած է Հարիսը Fox-ի քաղաքական մեկնաբան Պրեթ Պայըրին:

Փոխնախագահը աւելցուցած է, որ Պայտընէն կը տարբերի անով, որ իր «ասպարէզի մեծ մասն անցուցած է Ուաշինկթընէն դուրս»։ Հարիսն, իր իսկ խօսքով, ինքզինք կը համարէ «առաջնորդներու նոր սերունդի ներկայացուցիչ»։

Հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի նախընտրական շտաբի խօսնակ Քերոլայն Լեւիթը, մեկնաբանելով Հարիսի հարցազրոյցը, այն որակած է «աղէտ»։ Անոր խօսքով՝ Քամալա Հարիսը չէ կրցած ուղղակիօրէն պատասխանել որեւէ հարցի, «քանի որ պատասխաններ չունի»։