image

Հայուն Լիբանանը

Հայուն Լիբանանը

Եթէ սփիւռքի մէջ ապրած էք, վստահաբար լսած էք «Լիբանանը սփիւռքի սիրտն է» արտայայտութիւնը եւ մենք գիտենք, որ երբ սիրտը հիւանդ ըլլայ՝ ամբողջ մարմինին կեանքը կը վտանգուի։ Լիբանանը սիրտ կը կոչուի ո՛չ թէ այն պատճառով, որ բազմաթիւ հայեր ապրած են այնտեղ եւ կամ Կաթողիկոսութիւն մը ունինք այնտեղ հիմնուած. այդ սիրտ ըլլալը հիմնուած է աշխարհասփիւռ հայութեան թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր անձնուրաց անձերու գոյութեամբ, որովհետեւ սփիւռքի տարածքին, մանաւանդ Եւրոպա եւ Ամերիկա բոլո՛ր ուսուցիչները, մտաւորականներն ու նուիրեալները այսպէս կամ այնպէս խմած են Լիբանանի ջուրէն։ Աշխարհասփիւռ հայութեան մեծամասնութիւնը իր մէջ անպայման ունի սուրիական եւ կամ լիբանանեան կողմ մը եւ այսպէս Լիբանան եւ Սուրիա միասնաբար դարձած են մայրը սփիւռքին:

 

 

Երթանք, Պերճուհի, երթա՜նք Լիբանանի շոճիներուն տակ, որպէսզի կեանքին դառնամ...

Բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան այսպէս կը գրէր տողերը իր մօր՝ 10 մարտ 1914 թուակիր նամակին մէջ. կեանքին դառնալու համար իրեն Լիբանանը պէտք էր. գուցէ այս մէկը մարգարէութիւն մըն էր, որովհետեւ իր գրած թուականէն տարի մը ետք՝ 1915 թուականին թէ՛ Սուրիան եւ թէ Լիբանանը հայ ժողովուրդին համար կեանքի կոչուելու կեդրոն պիտի դառնար եւ այսօր այդ կեդրոնը վտանգուած է. եւ այդտեղ ապրող հայութեամբ մտահոգ, Մատթէոս Զարիֆեանի 20 փետրուար 1923 թուակիր նամակին մէջ իր գրած բառերով մեր մտահոգութիւնը կը յայտնենք. «Օրերէ ի վեր անձկալից նամակի կը սպասենք Պէյրութէն, բայց մինչեւ այսօր ոչ մէկ լուր. ու հազար տեսակ բան կ՚անցնի միտքերնուս. ի՞նչ եղաք, ի՞նչ եղան աղջիկները, ինչո՞ւ տող մը բան չեն հաճիր գրել, ի՞նչ տեսակ զգացում է ասիկա». թէ ի՞նչ տեսակ զգացում է գիտեն բոլոր անոնք, որոնք Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ունին սիրելիներ, բարեկամներ ու հարազատներ. զգացում՝ որ կեանքին եւ մահուան մէջտեղ պար կը բռնէ, ալեկոծելով հոգիները բոլոր անոնց, որոնք իրապէս գիտեն ցաւիլ ո՛չ միայն այդտեղ ապրող հայութեան, այլ նաեւ արաբներուն համար, որոնց նախահայրերը գրկաբաց ընդունեցին մեր ազգը եւ անտուններուն տուն հանդիսացան:

Հայ ժողովուրդի վերջին հարիւր տարուան պատմութեան մէջ մեծ տեղ ու նշանակութիւն ունի Սուրիան եւ մա՛նաւանդ Լիբանանը. մեր գաղթական մայրերն ու հայերը ձեռնունայն հասան այդ հողերը, սակայն իրենց աշխատանքով կառուցեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիմնեցին մամուլ, ակումբ ու կազմակերպութիւններ եւ ամէն գնով յաջողեցան ապրիլ ու ապրեցնել իրենց հայութիւնը, նոյն այդ արիւնը փոխանցելով նաեւ զիրենց յաջորդող սերունդներուն:

Մեր թուականէն տասնամեակներ առաջ՝ 18 փետրուար 1948-ին հրապարակախօս ու խմբագիր Շաւարշ Միսաքեան իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ հետեւեալը կը գրէր. «Մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, դժուար է գտնել գաղութ մը աւելի խիտ եւ հայաշունչ, քան Սուրիա-Լիբանանը։ Աւելի դժուար պիտի ըլլար գտնել անդաստան մը՝ անարգել ապահովելու համար նոր սերունդին իրականութիւնը՝ օտարութեան մէջ»: Այդ հայաշունչ արտայայտութիւնը Միսաքեան կ՚ընէ, որովհետեւ ի՛նք իր սեփական աչքերով երթալով Լիբանան կը տեսնէ այդտեղ հասակ առնող նոր սերունդը. ան «Ինչ որ ցանեն կը բուսնի» խորագրեալ յօդուածին մէջ Լիբանանէ ներս հասակ առնող սերունդը նկարագրելով կը գրէ. «Կ՚արժէ, կ՚արժէ տեսնել բոլորն ալ, - ծիլեր ու ծաղիկներ, որ կ՚աճին, կը մարզուին օտար այս ափերուն վրայ։ Հայկական կրակը իրենց աչքերուն մէջ»։ Լիբանանահայ սերունդին պարարտ հող հանդիսացող Լիբանանը այսօր կ՚ապրի իր ճգնաժամային օրերը եւ այս մէկը պէտք է մեզ բոլորս ազգովին մտահոգէ, որովհետեւ մարդկային ամենէն պարզ պարտաւորութիւնն է ըլլալ անոր մօտ՝ որ քու սեփական դժուարութեանդ օգնած ու ձեռք երկարած է:

Եթէ սփիւռքի մէջ ապրած էք, վստահաբար լսած էք «Լիբանանը սփիւռքի սիրտն է» արտայայտութիւնը եւ մենք գիտենք, որ երբ սիրտը հիւանդ ըլլայ՝ ամբողջ մարմինին կեանքը կը վտանգուի։ Լիբանանը սիրտ կը կոչուի ո՛չ թէ այն պատճառով, որ բազմաթիւ հայեր ապրած են այնտեղ եւ կամ Կաթողիկոսութիւն մը ունինք այնտեղ հիմնուած. այդ սիրտ ըլլալը հիմնուած է աշխարհասփիւռ հայութեան թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր անձնուրաց անձերու գոյութեամբ, որովհետեւ սփիւռքի տարածքին, մանաւանդ Եւրոպա եւ Ամերիկա բոլո՛ր ուսուցիչները, մտաւորականներն ու նուիրեալները այսպէս կամ այնպէս խմած են Լիբանանի ջուրէն։ Աշխարհասփիւռ հայութեան մեծամասնութիւնը իր մէջ անպայման ունի սուրիական եւ կամ լիբանանեան կողմ մը եւ այսպէս Լիբանան եւ Սուրիա միասնաբար դարձած են մայրը սփիւռքին:

Հայը իրաւունք չունի մոռնալու այն բոլորը, որ Լիբանանը տուած է. 1909 թուականին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը հետեւեալ երկտողը կը գրէր. «Չորս օրէ ի վեր անկարգութիւններ տեղի ունեցան, ամէն բան հրկիզուեցաւ եւ շոգենաւը 2500 փախստականներ Պէյրութ տարաւ»։ Տանջուող հայութեան համար փրկութեան նաւահանգիստ մըն էր Լիբանանը եւ հետեւաբար այսօր, երբ համեմատաբար աւելի «խաղաղ» պայմաններու մէջ կ՚ապրինք, մեր ճիտին պարտքն է կատարել մեր որդիական պարտաւորութիւնը այս երկու երկիրներու հանդէպ. մեր թուականէն տասնամեակ մը առաջ որպէս դրախտ կը նկատուէր Լիբանանը ու նախանձի աչքերով կը դիտուէր շատ մը այլ գաղութներու կողմէ, սակայն այսօրուան վիճակը յստակ է բոլորիս համար:

Մեր պետութիւնն ու ժողովուրդը հիմա ունի առիթը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու այդ երկիրներուն, որոնք ընդունեցին մեր նախահայրերը եւ իրենց առօրեայ հացին սեղանակից դարձուցին. այդ սրբազան հողերուն վրայ հազարաւոր մանուկներ, թէեւ որբի իրավիճակով, կապուեցան կեանքին եւ հակառակ օտար հողերու վրայ ըլլալուն ստացան հայու դաստիարակութիւն՝ հայու գիտակցութեամբ. Լիբանանն ու Սուրիան իրենց մօտ ապաստան գտած հայերը արաբացնելու չջանացին. ընդհակառակը, տուին ամէ՛ն տեսակ ազատութիւն գրեթէ բոլո՛ր բնագաւառներէն ներս՝ սկսելով դպրոցներէն, մինչեւ մամուլները: Ի՜նչ մեծ զոհողութեամբ, իրենց գոյութիւնը ճնշելու փոխարէն ազատութիւն տուին հայուն, որպէսզի ծաղկի, շինէ, արարէ եւ այդ մթնոլորտին մէջ ղօղանջեց Հայ Եկեղեցւոյ զանգերը, այդ մթնոլորտին մէջ հայ պատանին առանց ինքզինք արաբ զգալու գնաց հայկական վարժարան:

Այս իսկ պատճառով, այս գրութիւնը որպէս աղօթք կը ձօնենք Լիբանան եւ Սուրիա ապրող մեր արիւնակիցներուն, որոնք ամէն տեսակ դժուարութիւններու մէջ հաստատ կը մնան իրենց հայութիւնը հաստատ պահելու որոշումին մէջ:

 

Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...