Կառավարութեան շէնքը մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր շրջափակած են այն բանէ ետք, երբ Բագրատ Սրբազանը յայտարարած է, որ այսօր պիտի երթան եւ մեքենաներով շրջափակեն կառավարութեան շէնքը։
Անոնք Հանրապետութեան հրապարակի մէջ հաւաքուած են ժամը 10։30-ին։ Նշենք, որ կառավարութեան նիստը պիտի սկսի ժամը 11։00-ին։
Նախարարները կը շտապեն մտնել կառավարութեան շէնք եւ չեն պատասխաներ լրագրողներու հարցերուն։