image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հպանցիկ ակնարկ`Միջազգային հանրապետական հիմնարկի հարցախոյզի արդիւնքներուն վրայ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հպանցիկ ակնարկ`Միջազգային հանրապետական հիմնարկի հարցախոյզի արդիւնքներուն վրայ

Ժողովրդավար գրեթէ բոլոր երկիրներու պարագային, նոյնիսկ զարգացած ու բարեկեցիկ պայմաներու մէջ ապրող հասարակութիւններու մօտ միշտ ալ կան դժգոհութիւններ կառավարող ուժի նկատմամբ եւ չորս կամ հինգ տարին անգամ մը անոնք ներկայանալով քուէատուփ կը փոխեն իշխանութիւնը` կեանքի հիմնական պայմանները մնալով անփոփոխ: Հայաստանի պարագային դժբախտաբար տակաւին չի գործեր այդ մշակոյթը:  Իսկ քանի որ առայժմ հրապարակ վրայ չէ յայտնուած ներքին ու արտաքին յստակ ծրագիրներ ներկայացնող այլընտրանքային ուժ, Իշխանութեան փոփոխութիւնը պիտի նշանակէ վերադարձ նախկին յոռի բարքերուն ու թաւշեայ յեղափոխութեամբ ձեռք ձգուած բոլոր նուաճումներուն:

Յառաջիկայ ամիսներուն արտաքին ու ներքին բազմաթիւ ազդակներ կրնան ազդել ժողովուրդի կողմնորոշումներուն վրայ: Իսկ ընտրական քարոզարշաւի լաւ կազմակերպումը եւ հասարակութեան հետ անկեղծ խօսակցութիւնը միակ երաշխիքն է` Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութեան համար:

Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկը հրապարակեց Հայաստանի վերաբերեալ իր հերթական հարցախոյզը: Քաղաքական շրջանակներու, մօտ այս հիմնարկի կատարած հարցախոյզները կը նկատուին աւելի վաւերական ու արդիւնքները աւելի վստահելի, համեմատած տեղական ընկերութիւններու կատարած հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւններուն հետ, որոնք աւելի շատ կը ծառայէն յատուկ քաղաքական շրջանակի մը շահերուն, քան թէ ներկայացնելու հասարակութեան իսկական կարծիքը` անկողմնակալ ձեւով:

Հրապարակուած այս վերջին հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի ժողովուրդի լայն մեծամասնութիւնը անտարբեր է երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն նկատմամբ ու կորսնցուցած է իր վստահութիւննը բոլոր քաղաքական գործիչներուն ու կուսակցութիւններուն հանդէպ: Այս եզրակացութեան կը յանգինք տեսնելով, թէ ժողովուրդի 61 տոկոսը չի վստահիր ոչ մէկ քաղաքական գործիչի եւ 50 տոկոսը կը յայտնէ թէ կամ պիտի չմասնակցի յաջորդ ընտրութիւններ եւ կամ ալ չուզեր քուէարկել ոչ մէկ կուսակցութեան:

Անոնք, որոնք պատրաստ են մասնակցելու ընտրութիւններուն` միայն 17 տոկոսը կը պատրաստուի քուէարկելու Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Քաղաքական Պայմանագիր Կուսակցութեան ի նպաստ« իսկ Փաշինեանի անձնական վարկանիշը աւելի ցած է` 13 տոկոս: Այս տուեալները պէտք է մտահոգեն այսօր իշխանութեան ղեկին վրայ եղող ուժին մանաւանդ« որ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մնացած է մէկ տարիէն նուազ ժամանակ:

Այս տուեալները չեն նշանակեր, որ յաջորդ ընտրութիւններուն Փաշինեան կանգնած է պարտութեան եզրին: Անոր գլխաւոր հակառակորդը նկատուող` Ռոբերդ Քոչարեանի առաջնորդած ՙՀայաստան՚ դաշինքի վարկանիշը շատ աւելի ցած եւ կը տատանի 4 տոկոսի սահմաններուն մէջ: Այս պատկերին առջեւ ամէն բան կախեալ է անկէ« թէ որ ուժի կողմնակիցները աւելի մեծ թիւով պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն:

Հրապարակուած այս հարցախոյզէն դուրս կը մնայ Ռուսաստանաբնակ միլառատէր եւ այժմ կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ազդեցութիւնը Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն վրայ: Այդ երեւոյթը ինչքանո±վ կրնայ փոխել երկրի համայնապատկերը, չէ արտացոլուած այս հարցախոյզին մէջ, որ կատարուած է Կարապետեանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ յայտնուելէն առաջ: Եթէ ան իր կողմ կարողանայ քաշել անտարբերներու թէկուզ մէկ մասը, այդ պարագային կրնայ դառնալ Փաշինեանի լուրջ մրցակից: Իսկ եթէ ան իր համակիրները ապահովէ ընդդիմադիր այլ ուժերու հաշւոյն` ապա ո’չ, եւ ուժերու դասաւորում կը շարունակէ մնալ իշխող ուժի ի նպաստ:

Ժողովրդավար գրեթէ բոլոր երկիրներու պարագային, նոյնիսկ զարգացած ու բարեկեցիկ պայմաներու մէջ ապրող հասարակութիւններու մօտ միշտ ալ կան դժգոհութիւններ կառավարող ուժի նկատմամբ եւ չորս կամ հինգ տարին անգամ մը անոնք ներկայանալով քուէատուփ կը փոխեն իշխանութիւնը` կեանքի հիմնական պայմանները մնալով անփոփոխ: Հայաստանի պարագային դժբախտաբար տակաւին չի գործեր այդ մշակոյթը:  Իսկ քանի որ առայժմ հրապարակ վրայ չէ յայտնուած ներքին ու արտաքին յստակ ծրագիրներ ներկայացնող այլընտրանքային ուժ, Իշխանութեան փոփոխութիւնը պիտի նշանակէ վերադարձ նախկին յոռի բարքերուն ու թաւշեայ յեղափոխութեամբ ձեռք ձգուած բոլոր նուաճումներուն:

Յառաջիկայ ամիսներուն արտաքին ու ներքին բազմաթիւ ազդակներ կրնան ազդել ժողովուրդի կողմնորոշումներուն վրայ: Իսկ ընտրական քարոզարշաւի լաւ կազմակերպումը եւ հասարակութեան հետ անկեղծ խօսակցութիւնը միակ երաշխիքն է` Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութեան համար:

 

Գրիգոր Խոտանեան

«Մասիս»