image

Կ'ակնկալենք բովանդակալից հանդիպումներ. Քլաար Հայաստան կու գայ

Կ'ակնկալենք բովանդակալից հանդիպումներ. Քլաար Հայաստան կու գայ

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտնած է, որ Հայաստան կու գայ: Ան թուիթըրեան իր էջին օդակայանէն լուսանկար հրապարակած է։

«Բարի լոյս։ Այսօր կը փորձարկենք Վիեննա-Երեւան ուղիղ թռիչքը։ Կէսօրին կ'ակնկալենք բովանդակալից հանդիպումներ»,–գրած է ան։