image

«Իսրայէլը մարդասիրական օգնութիւնը թող ուղարկէ վարձկաններուն եւ ահաբեկիչներուն, որոնց կը զինէ» Վարչապետը The Jerusalem Post-ին

«Իսրայէլը մարդասիրական օգնութիւնը թող ուղարկէ վարձկաններուն եւ ահաբեկիչներուն, որոնց կը զինէ» Վարչապետը The Jerusalem Post-ին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, The Jerusalem Post –ին տուած հարցազրոյցին մէջ, մեկնաբանալեով Իսրայէլի՝ Հայաստանին մարդասիրական օգնութիւն ուղղելու առաջարկը, յորդորած է այդ օգնութիւնը  փոխանցել «ահաբեկիչներուն ու վարձկաններուն», որոնց, վարչապետի խօսքով, կը զինէ Իսրայէլը:

 

Հայաստանը ետ կանչելէ ետք Իսրայէլի մէջ իր դեսպանը, ՀՀ վարչապետին զանգած է  Իսրայէլի նախագահ Ռեուվէն Ռիւլէնը եւ առաջարկած է մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել:
 
«Մարդասիրական օգնութիւն երկրէ մը, որ ահաբեկիչներուն զէ՞նք կը վաճառէ եւ որ կ'օգտագործուի խաղաղ քաղաքացիական հասարակութեան դէ՞մ: Ես կ'առաջարկեմ Իսրայէլին այդ օգնութիւնը տրամադրել վարձկաններուն ու ահաբեկիչներուն՝ որպէս իր ծաւալած գործունէութեան տրամաբանական շարունակութիւն»,-ըսած է ՀՀ վարչապետը:
 
Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիան ու Իսրայէլը փաստացի կը գտնուին նոյն կողմի վրայ եւ հրէական պետութիւնը առաջաիկային  կրնայ իր վրայ զգալ «Անիգարայի կայսերական նկրտումները»:
 
Ըստ ՀՀ վարչապետին, Իսրայէլը կը զինէ մի պետութիւն մը, որ նպատակ ունի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու ցեղասպանութիւն իրականացնել: Ան Իսրայէլին հակամարտող կողմ որակած է, քանի որ իսրայէլական ԱԹՍ-ները աշխոյժ կերպով կը կիրառուին Ղարաբաղի մէջ:
 
«Իսրայէլը պէտք է ինքն իրեն հարցնէ՝ արդեօք ինք չի՞ պատերազմիր տե-ֆաքթօ վարձկաններուն հետ Լեռնային ղարաբաղի մէջ: Սա յարմա՞ր դիրքորոշում է իրեն համար: Եթէ այո, ապա Աստուած իրենց հետ: Բայց ես կը կարծեմ, որ կ'ըլլան յստակ հետեւանքներ եւ ձեր պետութիւնը ստիպուած կ'ըլլայ առերեսուելու այդ հետեւանքներուն»,-եզրափակած է ՀՀ վարչապետը: