Ֆրանսայի վարչապետ Սեպասթիան Լըքոռնիւն հրաժարած է պաշտօնէն՝ զայն ստանձնելէ քանի մը շաբաթ ետք, նորակազմ կառավարութիւնը ներկայացնելէ ընդամէնը քանի մը ժամ անց։ Երկիրը մտած է քաղաքական ճգնաժամի մէջ, կը հաղորդեն ֆրանսական լրատուամիջոցները։
Կառավարութիւնը պէտք է իր առաջին նիստը գումարեր այսօր՝ հոկտեմբեր 6-ին, սակայն անոր կազմը զայրացուցած էր թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ դաշնակիցները։
Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մօտիկ դաշնակից Լըքոռնիւն Ֆրանսայի հինգերորդ վարչապետն էր երկու տարուան ընթացքին։
Ծայրայեղ աջ «Ազգային միաւորում» կուսակցութեան առաջնորդ Մարին Լը Փենը, արձագանգելով վարչապետի հրաժարականին, ըսած է, թէ նոր խորհրդարանական ընտրութիւնները ներկայ քաղաքական իրավիճակին միակ հնարաւոր լուծումն են։
«Ես կը պահանջեմ Ազգային Ժողովի լուծարումը», — գրած է Լը Փենը իր X-ի էջին մէջ։