image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլը չի պատրաստուիր պատերազմիլ Իրանի հետ. Ռուսիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան

Իսրայէլը չի պատրաստուիր պատերազմիլ Իրանի հետ. Ռուսիոյ մէջ Իսրայէլի դեսպան

Իսրայէլը չի պատրաստուիր պատերազմիլ Իրանի հետ. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Իսրայէլի դեսպան Ալեքսանտր Պեն Ցվին:

Ինչպէս նշած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, դիւանագէտը նաեւ ըսած է, որ լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման՝ հակամարտութեան մէջ ներքաշուելու վտանգ կայ:

Դեսպանի խօսքով՝ պաղեստինեան Համաս շարժման ոչնչացումը չի նշանակեր Կազայի հատուածի ոչնչացում:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգները Իրանին կոչ ըրած է զգուշաւոր գործել պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան սրման հետ կապուած իրավիճակին մէջ. այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը:

Յիշեցնենք, որ Իրանը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ որեւէ առնչութիւն չունի պաղեստինեան Համաս շարժման կողմէ Իսրայէլի դէմ զանգուածային յարձակման հետ: