image

Իսրայէլի ծանր հարուածը «Հըզպալլա»ին. Զոհուածներուն մէջ է Լիբանանցի պատգամաւորի որդին

Իսրայէլի ծանր հարուածը «Հըզպալլա»ին. Զոհուածներուն մէջ է Լիբանանցի պատգամաւորի որդին

 Իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհուած է Լիբանանցի պատգամաւոր Մոհամմատ Ռահըտի որդին՝ Սիրաժ Ռահըտը 

 

 Լիբանանի մէջ երէկ տեղի ունեցած յարձակման հետեւանքով զոհուած են «Հըզպալլա» կուսակցութեան հինգ անդամներ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ կայքէն, որ նաեւ կը հաղորդէ, որ զոհերուն մէջ է Լիբանանցի պատգամաւոր ՝ Մոհամմատ Ռահըտի որդին՝ Սիրաժ Ռահըտ։

 Կը նշուի, որ իսրայէլեան գրոհը տեղի ունեցած է հարաւային «Պէյթ Եախուն» անունը կրող գիւղին մէջ գտնուող բնակարանի մը վրայ, ուր կը գտնուէին  «Հըզպ»ի զինեալները։ 

 Լիբանանեան մէկէ աւելի հարթակներ լուրը վերլուծելով գրած են, որ Իսրայէլի նպատակն է փոխել խաղի կանոնները եւ յատկապէս հարուածներ տալ «Հըզպալլա»ի «Ալ Ռատուան» յատուկ ջոկատայիններու խումբին, որոնք Իսրայէլի համար կը համարուին լուրջ սպառնալիք։