Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ դեսպաններու մակարդակով բանակցութիւնները պիտի կայանան հինգշաբթի օր՝ ապրիլ 23-ին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ CBS News-ը։
«Միացեալ Նահանգները կ՚ողջունէ ապրիլ 14-ին սկսած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը»,– հեռուստակայանին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեան։ «Մենք պիտի շարունակենք նպաստել երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ ուղիղ, բարեխիղճ երկխօսութիւններուն»։
The Times of Israel-ը, յղում ընելով իսրայէլցի պաշտօնեայի, նոյնպէս գրած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լէյթերի եւ անոր լիբանանցի գործընկեր Նատա Մուաուատի միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պիտի կայանայ հինգշաբթի օրը։
Հրատարակութեան զրուցակիցի խօսքով՝ հանդիպման պիտի մասնակցին իսրայէլական, լիբանանեան եւ ամերիկեան կողմերը։
Աւելի վաղ Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունը յայտարարած էր, որ Իսրայէլի հետ երկկողմ բանակցութիւններով պիտի զբաղի լիբանանեան պատուիրակութիւնը՝ Ուաշինկթընի մէջ նախկին դեսպան Սայմոն Քարամի գլխաւորութեամբ։
Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ բանակցութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցած է ապրիլ 14-ին՝ Ուաշինկթընի մէջ։