image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի դիւանագիտական ամենամեծ սխալները. Մայքըլ Ռիւպին

Իսրայէլի դիւանագիտական ամենամեծ սխալները. Մայքըլ Ռիւպին

American Enterprise Institute-ի (AEI)* կայքին վրայ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մասնագէտ Մայքըլ Ռիւպին ստորագրած է «Իսրայէլի դիւանագիտական ամենամեծ երեք սխալները» վերնագրով յօդուածը, ուր ան կը կատարէ սովորականէն բոլորովին տարբեր տեսանկիւնէ վերլուծում մը ինչ կը վերաբերի Հարաւային Ափրիկէի, Չինաստանի եւ Ազրպէյճաննկատմամբ իսրայէլեան դիւանագիտութեան, յանգելու համար այն եզրակացութեան, որ այս երեք ճակատներուն վրայ Իսրայէլի որդեգրած ռազմավարութիւնը երկար ժամանակի վրայ վնասաբեր պիտի ըլլայ Հրէից պետութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածը.

Իսրայէլ նոր նշեց իր 75-ամեակը։ Իսրայէլի այսքան երկար գոյատեւելը հրաշք մըն է։

Ի վերջոյ, իր առաջին տասնամեակներուն ան ստիպուած էր դիմակայելու բազմաթիւ յարձակումներու, որոնք կը հետապնդէին անոր վերացման նպատակը: Իր ամենանեղ հատուածին Իսրայէլ ունէր շուրջ 13 մղոն լայնք, զոր արաբական հրասայլերը կրնային կտրել ընդամէնը 12 վայրկեանէն: Իսրայէլ նոյնպէս աներեւակայելիօրէն մեկուսացած էր։ Թէեւ խորհրդային դաշինքը թեր քուէարկած էր Իսրայէլի անկախութեան, սակայն ան դարձաւ հրէական պետութեան դէմ, երբ անոր ընկերվարական հիմնադիրները որոշեցին թեքիլ դէպի Արեւմուտք, եւ ոչ թէ՝ Արեւելք: 1950-ին միայն շուրջ երեսուն երկիր ճանչցաւ Իսրայէլը, իսկ Ափրիկէի մէջ՝ միայն Լիպերիան եւ Հարաւային Ափրիկէն:

 

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ

Եւ այս համածիրին մէջ է, որ Իսրայէլ գործեց դիւանագիտական սխալ մը, որու պատճառաւ 50 տարի ետք դեռ կը տուժէ։ Իսրայէլի հիմնադրումէն երեք շաբաթ ետք Ազգային կուսակցութիւնը իշխանութեան եկաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ եւ սահմանեց Ափարթհայտը: Սկիզբը, Իսրայէլ խստօրէն քննադատեց Հարաւային Ափրիկէն, կեցուածք մը որ կը բխէր թէ՛ բարոյականութենէ, թէ՛ ալ ափրիկեան նորանկախ պետութիւններու ստեղծման սատարելու գործնական ցանկութենէ: 1973-ին, երբ ափրիկեան շատ մը երկիրներ ենթարկուեցան արաբական նաւթի արգելքին եւ տարածեցին այն ցնորային պնդումը, թէ Իսրայէլ գաղութատիրական պետութիւն է, Հարաւային Ափրիկէն ո՛չ ենթակայ դարձաւ այդ արգելքին, եւ ո՛չ ալ միացաւ այդ պնդումին: Յաջորդ երկու տասնամեակներու ընթացքին երկկողմ կապերը աւելի ամրապնդուեցան։ Երկու երկիրները իրարու աջակցեցան դիւանագիտական գետնի վրայ՝ ՄԱԿ-ի մէջ, եւ գաղտնի ռազմական կապերը ծաղկեցան: 1980-ականներուն, երբ արեւմտեան երկիրներու մեծ մասը պատիժներ կը սահմանէր Հարաւային Ափրիկէի Ափարթհայտի վարչակարգին դէմ, Իսրայէլ ձեռնպահ մնաց: Միայն 1987-ին է, որ ան սահմանեց իր սեփական պատիժները ամերիկեան ճնշման ներքոյ: Թէեւ Իսրայէլի եւ Հարաւային Ափրիկէի միջեւ առեւտուրը շահութաբեր էր, եւ իսրայէլացի բարձրաստիճան պատասխանատուները իրենք զիրենք կ՚արդարացնէին, ըսելով որ չեն կրնար այնքան ալ ժրաջան ըլլալ, բայց եւ այնպէս երկար ժամանակի վրայ սուղ պիտի արժէր այդ: Արդարեւ, 1994 թուականին Ափարթհայտի փլուզումէն յետոյ Հարաւափրիկեցիները ո՛չ ներեցին, ո՛չ ալ մոռցան: Այսօր Հարաւային Ափրիկէն Իսրայէլի նկատմամբ ամէնէն թշնամական կեցուածքի տէր երկիրներէն մէկն է աշխարհի վրայ։ Վերջին տասնամեակի ընթացքին երկկողմ առեւտուրը կրճատուած է երկու երրորդով:

 

ՉԻՆԱՍՏԱՆ

ԱՄՆ-ու յաջորդական վարչակազմերը իսրայէլեան իրենց քաղաքականութեան առանցքին զետեղեցին խաղաղութեան գործընթացը: Իւրաքանչիւրը կը ձգտի գտնել կախարդական բանաձեւ մը, հող՝ խաղաղութեան դիմաց, գաղութավայրերու առկախում, վեհաժողովներ եւ օգնութեան ծրագրեր…: Վերջնական կարգավիճակին առնչուող հարցերու ժամանակացոյցը դեռ վիճարկումներու առարկայ է: Թէ՛ Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը, թէ՛ Արաբական գարունը ցոյց տուին, թէ Մերձաւոր Արեւելքը շատ աւելի ստուար է, եւ չի սահմանափակուիր միայն արաբա-իսրայէլական հակամարտութիւնով: Ամերիկեան ռազմավարական տեսանկիւնէն՝ Մերձաւոր Արեւելքը կը ծառայէ շեղելու ուշադրութիւնը, նոյնիսկ եթէ ան երբեմն իսկապէս անհրաժեշտ ըլլայ իրեն: Մինչ միւս կողմէ, թէ՛ Ռուսաստան, թէ՛ Չինաստան՝ շատ աւելի հզօր, տեսականօրէն գոյութենական սպառնալիք կը ներկայացնեն ԱՄՆ-ու համար։

Եւ այս համածիրին մէջ է, որ Իսրայէլ գործեց դիւանագիտական երկրորդ սխալը, որ իր միամտութիւնն էր Չինաստանի նկատմամբ։ Իսրայէլ եղաւ Մերձաւոր Արեւելքի առաջին երկիրը, որ ճանչցաւ Ժողովրդական Հանրապետութիւնը որպէս Չինաստանի միակ օրինական կառավարութիւն եւ զոհեց ժողովրդավարական Թայվանը: Իսրայէլի առաջնորդները յանգած էին այն համոզումին, որ կրնան միաժամանակ թէ՛ պահպանել Միացեալ Նահանգներու հետ իրենց աւանդական կապերը, թէ՛ ալ Չինաստանի հետ արհեստագիտական հզօր փոխանակում հաստատել:

Իսրայէլացի դիւանագէտները կը պնդեն, որ Իսրայէլի սերտ կապերը Չինաստանի հետ՝ կրնան խաթարել Փեքինի մերձեցումը Իրանին եւ իսրայելամերժ արաբական պետութիւններուն, բայց կը սխալին։ Անոնք նաեւ կը կարծեն, որ պիտի կարենան հակակշռի տակ առնել ռազմական առեւտուրի պատճառելիք արհեստագիտական որեւէ հոսք, եւ նոյնքան կարեւոր՝ պիտի կարենան հակակշռի տակ առնել չինական ներդրումները Իսրայէլի մասնաւոր հատուածին մէջ: Նախագահ Պիլ Գլինթընի վարչակազմը կտրականապէս ետ մղեց Phalcon կանուխ նախազգուշացման համակարգը Չինաստանին վաճառելու Իսրայէլի ծրագրերը, գործարք մը, որ չինական բանակին պիտի տրամադրէր կարեւորագոյն արհեստագիտութիւն, օգտագործելի՝ Միացեալ Նահանգներու դէմ: Ճորճ Պուշ կրտսերի վարչակազմի օրով ալ Սպիտակ տունը սպառնաց Իսրայէլին հեռացնել F-35 ծրագրէն, եթէ Երուսաղէմ իրագործէր Չինաստանին կատարելագործուած անօդաչու սարքեր վաճառելու իր ծրագրերը: Չինաստանի կատարուած այս վաճառքներուն կամ վաճառման ծրագրերուն պատճառաւ իսրայէլացի բարձրաստիճան որոշ պաշտօնատարներ մինչեւ իսկ անցանկալի հռչակուեցան Փենթակոնի կողմէ։ Նոյնպէս ամերիկեան կողմին մեծ դժգոհութիւն պատճառեց 2012-ին Իսրայէլի որոշումը, երբ թոյլ տրուեցաւ չինական բանակի ռազմածովային ուժերուն խարսխել Հայֆայի նաւահանգիստը: Այնուհետեւ ալ Հայֆայի նաւահանգիստի կառավարման՝ չինական ընկերութեան մը յանձնումը, ընդգծեց Իսրայէլի անտեսումը ԱՄՆ-ու մտահոգութիւններուն: Իսրայէլի այս կամ այն կուսակցամէտ մամուլը կրնայ առաւելաբար կեդրոնանալ երկրին նկատմամբ ծաւալող քննադատութիւններուն կամ զրպարտութիւններուն վրայ, որոնք կը հրահրուին իրաւապաշտպան խումբերու եւ գործիչներու կողմէ, սակայն Իսրայէլի անվտանգութեան տեսանկիւնէն ա՛լ աւելի մտահոգիչ եւ վտանգաւոր է ամերիկեան անվտանգութեան շրջանակներու աճող անվստահութիւնը Իսրայէլի աշխարհաքաղաքական մօտեցումներուն նկատմամբ:

 

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ

Ազրպէյճանհետ Իսրայէլի խանդավառ կապերը անոր ռազմավարական երրորդ սխալն են։ Իսրայէլի` զէնքի դիմաց ուժանիւթի առեւտուրի տրամաբանութիւնը կրնայ ընկալուիլ մակերեսային։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը գոյութենական սպառնալիք կը ներկայացնէ Իսրայէլի համար, եւ Ազերպայճան կրնայ իսրայէլեան հետախուզութեան ու բանակին այդ սպառնալիքին դիմադրելու կարելիութիւններ տրամադրել:

Խնդիրը իսրայէլեան մտերմութեան խորութիւնն է եւ Իլհամ Ալիեւի բռնապետութեան անոր կոյր աջակցութիւնը։ Իսրայէլ ըստ էութեան Ազերպայճանին կը վճարէ գին մը այն գործողութիւններուն համար, զորս Պաքու արդէն պիտի կատարէր։ Ալիեւ աւելի ու աւելի կը հետեւի Իրաքի հանգուցեալ առաջնորդ Սատտամ Հիւսեյնի եւ Թուրքիոյ ներկայի առաջնորդ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ուղեգիծին: Մինչ, էր երբեմն՝ Ուաշինկթըն կը հաւատար, որ թէ՛ Սատտամ, թէ՛ ալ Էրտողան չափաւոր են, այդ համոզումը երկուքի պարագային ալ ի դերեւ յայտնուեցաւ: Եղծանումն ու տնտեսական ձախորդ կառավարումը զանոնք առաջնորդեցին ծայրայեղ ազգայնականութեան եւ ռազմական յարձակողականութեան: Սատտամ ներխուժեց Քուէյթ. Թուրքիա բազմիցս հարուածներ հասցուց Իրաքի եւ Սուրիոյ Քիւրտերուն. Սատտամ կը ներկայացուէր որպէս աշխարհիկ, բայց որդեգրեց իսլամապաշտութիւնը այպանելի պատճառներով: Էրտողան համոզեց արեւմտեան ղեկավարները, որ թողած է կրօնական արմատականութիւնը, բայց ան յաճախ ցեղային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ իր գործողութիւնները կը զետեղէ կրօնական հիմքի վրայ:

Այսօր Ալիեւի հռետորաբանութիւնը կը ներառէ թէ՛ ցեղային հրահրումներ, թէ՛ ալ կրօնական ծայրայեղականութիւն: Ազերպայճանական դպրոցական նիւթերու եւ լրասփիւռներու մէջ այնպէս ինչպէս ներկայացուած են Հայերը՝ կարելի է բաղդատել Ռուանտայի մէջ Հութուներու կողմէ Թութցիներու ներկայացման հետ, որ յանգեցուց 1994-ի ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ Գերմանիոյ կողմէ Հրեաներու ներկայացման 1930-ականներուն, եւ 20-րդ դարու մեծ մասին Թուրքիոյ կողմէ՝ Քիւրտերու որպէս «լեռնային Թուրքեր» մերժումին հետ։ Ալիեւի կողմէ հայկական ժառանգութեան ժխտումը եւ հայկական եկեղեցիներու եւ պատմական վայրերու անխնայ աւերումները Ազրպէյճանկողմէ կը յիշեցնեն Իսլամական պետութեան կողմէ Եզտիներու սրբավայրերու պայթեցումը, Մաօ Ցեթունկի կողմէ թիպէթեան վանքերու ոչնչացումը կամ Պաղեստինցիներու փաստարկները, որ Հրեաները պատմական ոչ մէկ կապ ունին Իսրայէլի հողերուն հետ։

Ազրպէյճանկողքին դիրք գրաւելով՝ Իսրայէլ երկար ժամանակի վրայ պիտի վճարէ երկու բանի գինը. առաջինը՝ առնչման գինն է: Ազերպայճանցիները հրապարակաւ կը վկայեն Ալիեւի մեծութեան մասին, բայց առանձին զրոյցներու կը դժգոհին անոր իշխանութենէն: Աջակցելով Ալիեւին՝ Իսրայէլ կը թշնամանայ այն ժողովուրդներուն, որոնց այսօր կը սպառնայ Ազերպայճան՝ միաժամանակ «շահելով» հակակրանքը Ազրպէյճանբնակչութեան մեծամասնութեան, որ կ՚արհամարհէ Ալիեւը եւ պիտի տիրէ երկրին, երբ ան իյնայ, ինչպէս բոլոր բռնապետերը: Իսրայէլի համար այսօր պատեհ դաշինքը վաղը պիտի դառնայ խոչընդոտ մը, քանի որ ապագայ Ազերպայճանցիները Իսրայէլը պիտի առնչեն ատելի բռնապետին աջակցութեան հետ, ինչպէս հարաւափրիկեցի Սեւամորթերը կ՚այպանեն Իսրայէլը, որ այդքան սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է անցեալին իրենց ճնշողներուն հետ:

Երկրորդ գինը կը վերաբերի նախադէպի մը հանգամանքին. ընդհանուր աջակցութիւն ցոյց տալով Ազերպայճանին՝ Հայաստանի եւ հայկական ժառանգութեան դէմ իր պահանջներու հարցին մէջ, Իսրայէլ նախադէպ կը ստեղծէ, որ կրնայ օգտագործուիլ իր դէմ՝ թէ՛ իր պաշտպանական սահմաններուն նկատմամբ պահանջներով, թէ՛ ալ պահպանութեան հարցով՝ հրէական ժառանգութեան այն վայրերուն, որոնք կրնան իյնալ Իսրայէլի 1949-ի սահմաններէն դուրս:

Երբ Իսրայէլ պէտք է պայքարէր իր գոյատեւման համար, հասկնալի էր, որ հրէական պետութիւնը ընդունէր կարճ ժամանակով փոխզիջումներ, բայց 75 տարեկանին եւ աշխարհի պետութիւններու մեծամասնութեան կողմէ ճանչցուած Իսրայէլ մը կրնար աւելի խորաթափանց ըլլալ դիւանագիտական իր ուղղութիւններուն մէջ: Ան կարիքը չունի ուժանիւթի հարցով իր յոյսերը կապելու Ազերպայճանին, քանի որ այժմ յարաբերութիւններ ունի Ապու Տապիի հետ։

Անկախ ատկէ, թէ իսրայէլացի ղեկավարները որքան խելացի կը համարեն իրենք զիրենք, անոնք չեն կրնար երկու ճակատի վրայ «խաղալ» թէ՛ ԱՄՆ-ու եւ թէ՛ Չինաստանի հետ, անոնց միջեւ նոր պաղ պատերազմի այս շրջանին: Երուսաղէմ պէտք չէ կարծէ, որ ինք կրնայ յարգել Իսրայէլի սեփական անվտանգութեան կարիքներն ու շահերը, մինչ այդքան պատրաստակամօրէն կը զոհէ այլ երկիրներու կարիքները: ■

 

_______

(*) AEI-ն ինքզինք կը բնութագրէ հետեւեալ ձեւով. «American Enterprise Institute-ը հանրային քաղաքականութեան վերլուծական կեդրոն մըն է, որ նուիրուած է մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութեան, մարդկային ներուժի ընդլայնման եւ աւելի լաւ՝ աւելի ազատ եւ անվտանգ աշխարհի մը կառուցման: Մեր գիտնականներն ու անձնակազմը իրենց աշխատանքով կը զարգացնեն գաղափարներ, որոնք հիմնուած են ժողովրդավարութեան, ազատ նախաձեռնութեան, ամերիկեան հզօրութեան եւ համաշխարհային առաջնորդութեան, մեր հասարակութեան ծայրամասին գտնուողներու հետ զօրակցութեան եւ ձեռնարկատիրական մշակոյթի հանդէպ մեր հաւատքին վրայ»։

 

Նիւթը  Փարիզի «Նոր Յառաջ»էն 

Անգլերէնէ  թարգմանեց՝ Յ. Կոպէլ