Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը Լիբանանի հարաւը գտնուող Ալ Պուզուրիա շրջանին մէջ սպաննած են «Հըզպալլա»-ի դաշտային հրամանատար Ալի Նազիհ Ապտուլ Ալին։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Իսրայէլի բանակը։
«Հըզպալլա» հաստատած է զինուորականի սպաննութեան լուրը՝ նշելով, որ 40-ամեայ Ալի Նազիհ Ապտուլ Ալին Լիբանանի հարաւը գտնուող Այթիթ քաղաքէն էր։