image

Իսրայէլի բանակը 2 շաբաթ անց լքած է Կազայի «Ալ Շիֆա» հիւանդանոցը՝ իր ետին թողելով աւերակներ, եւ հարիւրաւոր դիակներ (Լուսանկարներ)

Իսրայէլի բանակը 2 շաբաթ անց լքած է Կազայի «Ալ Շիֆա» հիւանդանոցը՝ իր ետին թողելով աւերակներ, եւ  հարիւրաւոր դիակներ (Լուսանկարներ)

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը երկու շաբաթ տեւած գործողութենէն ետք իր ուժերը դուրս բերած է Կազայի հատուածի «Ալ Շիֆա» գլխաւոր հիւանդանոցային համալիրէն՝ իր ետին թողելով աւերակներ:

Ինչպէս գրած է Daily Mail-ը, անոր դուրս գալէն ետք հարիւրաւոր մարդիկ վերադարձած են հիւանդանոց եւ յարակից տարածքներ: Անոնք քանի մը դի յայտնաբերած են հիւանդանոցին մէջ եւ դուրսը:

Զինուորականները յարձակումը նկարագրած են որպէս վերջին տասնամեակներու ընթացքին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի եւ «Համաս»-ի միջեւ ամենաարիւնալի հակամարտութեան ամենայաջող գործողութիւններէն մէկը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ սպանած է «Համաս»-ի առնուազն 200 զինեալ, այդ շարքին՝ բարձրաստիճան աշխատողներ, եւ որ հիւանդանոցի վրայ յարձակման ժամանակ գրաւած է զէնք, արժէքաւոր հետախուզական տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ կանխիկ գումար:

Կազայի քաղաքացի Մուհամմետ Մահտին, առաջիններէն մէկը, որ վերադարձած է, նկարագրած է «ամբողջական աւերման» տեսարանը: Անոր խօսքով՝ այրած են քանի մը շէնքեր։ Տարածքին մէջ ան գտած է վեց դի, որոնցմէ երկուքը հիւանդանոցի բակին մէջ։

Մէկ այլ բնակիչ՝ Եահիա Ապու Աուֆը, ըսած է, որ դեռ կան հիւանդներ, բուժաշխատողներ եւ տեղահանուածներ, որոնք ապաստանած են բժշկական համալիրին մէջ:

«Իրավիճակն աննկարագրելի է։ Իսրայէլ այստեղ ոչնչացուցած է կեանքի ամբողջ զգացումը»,-ըսած է ան:

«Տասնեակ դիեր, որոնցմէ մի քանին քայքայուած, դուրս բերուած են «Ալ-Շիֆա» բժշկական համալիրէն եւ շրջակայքէն», - ըսած է «Համաս»-ի ղեկավարած Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ հիւանդանոցն այժմ «ամբողջովին շարքէ դուրս եկած է»: