Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարը մէկօրեայ այցով պիտի ժամանէ Ատրպէյճան յունուար 26-ին: Այս մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, գրած է Ատրպէյճան-Իսրայէլ դաշինք AIA Global-ը։
Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուին շարք մը հանդիպումներ, նաեւ՝ բանակցութիւններ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Պաքուէն ետք Սաարը, ըստ տեղեկութիւններու, պիտի մեկնի Ղազախստան։