image

Իսրայէլացի սպայ մը անձնասպան եղած է. «Իսրայէլ Հայոմ» փակագիծներ կը բանայ

Իսրայէլացի սպայ մը անձնասպան եղած է. «Իսրայէլ Հայոմ»  փակագիծներ կը բանայ

«Իսրայէլ Հայոմ» թերթը բացայայտած է, որ հետախուզութեան լեյթենանթի կոչումով իսրայէլացի սպայ մը ինքնասպան եղած է շաբաթներ առաջ` ինքզինք շէնքէն վար նետելով, այն նոյն զօրամասին մէջ, ուր անցեալ տարի մահացած գտած էին սպայ «Թ».-ն:

Հետաքննութեան նախնական տուեալներուն համաձայն` «պարզուած է, որ սպան որոշած է վերջ տալ կեանքին անձնական դրդապատճառներու եւ դժուարութիւններու հետեւանքով», սակայն թերթը կը նշէ, որ սպային ինքնասպանութեան եւ նախապէս զինուորական բանտին մէջ սպայի մահուան պատճառներուն միջեւ անհերքելի կապ կայ:

 «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնի դարձած է, որ սպայ «Թ.»-ի ստորաբաժանման մէջ սպային ինքնասպանութիւնը կը գումարուի անցեալ ամիս իսրայէլեան բանակին մէջ տեղի ունեցած ինքնասպանութեան շարք մը այլ դէպքերու:

Մէկ ամսուան մէջ տեղի ունեցած է 4 ինքնասպանութեան, ինչ որ թերթը համարած է շատ բարձր թիւ, յատկապէս եթէ համեմատենք 2021-ի հետ, երբ ամբողջ տարուայ ընթացքին ինքնասպան եղած է 11 զինուոր, եւ 2020-ի հետ՝ 9 զինուոր:

Թերթը մատնանշած է, որ «վերջին տարիներուն բանակին մէջ ինքնասպանութիւններուն թիւը զգալիօրէն նուազած է, երբ մի քանի տարի առաջ այդ թիւը կը հասնէր 20-30-ի, իսկ երբեմն ալ աւելի»: