ՀՀ Քննչական կոմիտէն յայտնում է, որ մարտական դիրքին մէջ երկու զինծառայողներու մահուան դէպքի առթիւ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։
Նշենք, որ Զինծառայողներ Արտեոմ Հայկազեանի եւ Արմէն Խաչատրեանի մահուան մասին աւելի վաղ հաղորդած էր պաշտպանութեան նախարարութիւնը, նշելով, որ կ'ընթանայ քննութիւն՝ դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով:
«2023-ի օգոստոսի 27-ին հաղորդում է ստացուել այն մասին, որ նոյն օրը`ժամը 16:00-ի սահմաններում, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքում նոյն մարտական դիրքի դիտորդ զինծառայող Ա․ Հ․-ն իրեն ամրակցուած «ԱԿ-74» տեսակի ինքնաձիգից մահացու հրազէնային վիրաւորում է պատճառել նոյն դիրքի աւագ, զինծառայող Ա. Խ.-ին, այնուհետեւ նոյն զէնքով իր կզակի շրջանում ինքն իրեն պատճառել է մահացու հրազէնային վիրաւորում»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Կոմիտէէն նշած են, որ նախնական տուեալներով կատարուածը կապուած է միջանձնային, ոչ կանոնագրքային յարաբերութիւններու հետ․ «Ձեռնարկւում են անյետաձգելի միջոցառումներ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ»։