Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախկին նախարար Քիմ Եոն Հիւնը փորձած է անձնասպան ըլլալ Արեւելեան Սեուլի մէջ գտնուող կալանավայրին մէջ, խորհրդարանական լսումներու ժամանակ ըսած է հաստատութեան ղեկավարը։
Միջադէպը տեղի ունեցած է երեքշաբթի երեկոյեան, երբ Սեուլի դատարանը պաշտօնապէս ձերբակալած է նախկին նախարարը՝ ապստամբութեան մասնակցութեան մեղադրանքով:
Հետաքննութեան տուեալներով՝ Քիմ Եոն Հիւնը Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սոք Եոլին առաջարկած է երկրին մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարել եւ հրամայել զինուորականներ տեղակայել Ազգային ժողովի շէնքին մէջ։
Եուն Սոք Եոլը դեկտեմբեր 3-ի ուշ երեկոյեան ռազմական դրութիւն յայտարարած է: Խորհրդարանը, սակայն, արգելափակած է այդ որոշումը, եւ նախագահը ստիպուած այն չեղարկած է։ Պաշտպանութեան նախարարն ալ հրաժարական տալէ ետք ձերբակալուած է: Ան մեղադրուած է կարճաժամկէտ ռազմական դրութիւն մտցնելով՝ ապստամբութիւն կազմակերպելու եւ «ազգային սահմանադրութիւնը խարխլելու նպատակով» անկարգութիւններ հրահրելու համար։
Քիմ Եոն Հիւնը ներողութիւն խնդրած է՝ փաստաբաններու միջոցով յայտնելով, որ կը ստանձնէ իրավիճակի ամբողջ պատասխանատւութիւնը:
Գործով ներգրաւուած է նաեւ նախագահը, որուն կ՚արգիլուի լքել երկիրը։