Իսրայէլ մերժած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի՝ Իսրայէլ մուտք գործելու դիմումը։
Ինչպէս գրած է strana.co.il կայքը, Պորել քանի մը անգամ դիմած է Իսրայէլ մուտք գործելու համար, սակայն ամէն անգամ այդ խնդրանքը մերժուած է Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէն։
Երուսաղէմի աղբիւրները նշած են, որ մերժման պատճառ կը հանդիսանան Պորելի կոշտ արտայայտութիւնները Իսրայէլի քաղաքականութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի ներկայիս կառավարութիւնը ՀԱՄԱՍ-ին հաւասարեցնող յայտարարութիւնը։
«Այս յայտարարութիւններէն ետք Պորելին Իսրայէլ այցի տեսքով մրցանակ շնորհելու կարիք չկայ»,-ըսած է Երուսաղէմի աղբիւրը։