Երուսաղէմը շրջապատող բլուրներուն մէջ օրեր շարունակ մոլեգնող անտառային հրդեհներու լոյսին տակ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտեոն Սաարը դիմած է տասնեակէ աւելի երկիրներու՝ հրդեհաշիջման համար օգնութիւն խնդրելով, գրած է Times of Israel-ը:
Նշուած է, որ Իսրայէլը բախած է երկրի պատմութեան մէջ ամենախոշոր անտառային հրդեհներէն մէկուն:
Սաարի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ նախարարը դիմած է Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Չեխիոյ, Շուէտի, Արժանթինի, Սպանիոյ, Հիւսիսային Մաքետոնիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն: Իսրայէլը պաշտօնապէս օգնութիւն խնդրած է նաեւ Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Խորուաթիայէն, Իտալիայէն եւ Պուլկարիայէն, քանի որ տեղական միջոցները լարուած են արագ տարածուող հրդեհները զսպելու համար: