Կազզէի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ սպանութիւններու քաղաքական վնասները, անոնց փոխարէն Իսրայէլի ունեցած զոհերը, ցոյց կու տան հեռանկարի բացակայութիւնը: Վերադարձի միակ ճանապարհը պիտի ըլլայ Կազզէի պատերազմը դադրեցնել եւ հիւսիսի վերաբնակիչներուն տունդարձի հնարաւորութիւն ստեղծել:
Ի վերջոյ, սպանութիւնները չեն սառեցներ «Հիզպուլլահ»ը եւ չեն փոխեր անոր գործունէութիւնը։ Յարձակումները եւ սպանութենէն ետք տեղի ունեցած կրակոցները կը վկայեն, որ Իսրայէլի բանակը ի վիճակի չէ «Հիզպուլլահ»ը սանձելու։
Իսրայէլ-Լիբանան լարուած առանցքին վրայ լրտեսական ցանցերու գոյութիւնը միշտ հիմնական գործօն է։ Այսպէս, Լիբանանի «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան առաջնորդը իրաւունք ունէր, երբ կ՚անդրադառնար խելացի հեռաձայններու ընդհանուր վտանգներուն։ Ցաւալիօրէն, որքան ժամանակը անցնի, այդ կուսակցութեան զոհերուն թիւը ստուարանայ ու Լիբանանի հարաւի բազմաթիւ գիւղերն ու գաւառակները դառնան Իսրայէլի բանակի կրակներու թիրախ, մարդիկ տակաւին կը շարունակեն անխափան օգտուիլ խելացի հեռաձայններու ծառայութիւններէն։ Նոյնիսկ պատերազմական վիճակի մէջ Լիբանանի հարաւին համացանցը կը շարունակէ բանիլ բնականոն կերպով։ Բաց աստի, Իսրայէլի բանակի մօտիկ աղբիւրներ կը յայտարարեն, թէ Լիբանան-Իսրայէլ երկարատեւ պայքարի այս փուլը կը նշանաւորուի ո՛չ թէ լրտեսներու ազդու ներկայութեամբ, այլեւ՝ խելացի հեռաձայններու պատերազմով։
Վերոյիշեալ վարկածները ստուգուեցան այն պահուն, երբ Իսրայէլի անօդաչու թռչող սարքերը անխափան կը շարունակէին իրենց աւերը գործել եւ կը յաջողէին որսալ «Հիզպուլլահ»ի բարձրաստիճան առաջնորդը, որ պատերազմին զոհուած երրորդ ամենակարեւոր գործիչն էր։ Լռութեան պայմաններով գործող լրտեսական ցանց, համակարգի գերարագ օգտագործում, յայտնաբերուած թիրախ-անձի քայլերը հետապնդելու եղանակ ու ապա ճշգրիտ հարուած։ Ահա՛, այս միջոցներով կը շարժի Իսրայէլի բանակը, որուն հարուածներուն հետեւանքով Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ի աւելի քան 600 ռազմիկներ զոհուած են, մինչ «Հիզպուլլահ»ի օդային գրոհներուն հետեւանքով զոհուած է Իսրայէլի բանակի ընդամէնը 30 զինուորական։
Այս բոլորէն անդին, միջազգային զանգուածային լրատուական միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին է Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի լարուածութիւնը։ Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Լիբանանը, ուր Սուր քաղաքին մէջ սպաննեց «Հիզպուլլահ»ի պատասխանատուներէն մին՝ Նահմէ Նասէրը։ Ան սպաննուեցաւ անօդաչու թռչող սարքով մը։ Նասէր զոհուեցաւ Լիբանանի հարաւին եւ «Հիզպուլլահ»ի օդային գրոհներու թիւ մէկ պատասխանատուն էր։ Ճիշդ է, որ «Հիզպուլլահ» այս պատերազմին կը գերազանցէ ինքզինք ու նորանոր ռազմիկներով կը համալրէ իր շարքերը, բայց հարուածները ցաւագին են իրանամէտ կուսակցութեան համար։
Լիբանանի հարաւային սահմանին եւ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ Իսրայէլ կը շարունակէ ծանր հարուածներ տալ ու այդ առաւելութեան առընթեր կան երկու հարցեր. առաջինը՝ լրտեսական ցանցերու գոյութիւնը, իսկ երկրորդ՝ խելացի հեռաձայնները։ Զանազան առիթներով խելացի հեռաձայնները որս կը դառնան Իսրայէլի օդային հարուածի համակարգերուն, որոնք կը գործածեն GPS համակարգերը եւ կը յայտնաբերեն կարեւոր թիրախներ, լուր կը հաղորդեն այդ թիրախներուն մասին, ապա կ՚իրականացուի անօդաչու թռչող սարքերու ստոյգ հարուածը։
Ինչպէս Արցախի պարագային, Լիբանանի սահմանին եւս որոշիչ դեր կը խաղան անօդաչու թռչող սարքերը, որոնց վրայ եթէ աւելցուի ճիշդ հարուածելու Իսրայէլի որոշումն ու վճիռը, ապա պարզ կը դառնայ, որ Իսրայէլ այս կերպով կը փորձէ արիւնագամ ընել «Հիզպուլլահ»ը։
Թիւերու մէջ մտնելը անշնորհակալ գործ է, բայց ընտրելագոյն առաջնորդները այսպէս առանց դիմադրութեան հողին յանձնելը՝ շատ ծանր է «Հիզպուլլահ»ին համար։
Հետեւաբար, Իսրայէլ այս փուլին պիտի նախընտրէ հեռու մնալ ցամաքային պատերազմէ ու գոհանալ այսպէս հեռավար հարուածներով եւ խելացի հեռաձայններու պատերազմով։
Միւս կողմէ, Իսրայէլի «Հաարէցթ»ի վերլուծաբանները խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն իրադարձութիւնները՝ «Սպանութիւնները անիմաստ են» խորագրեալ յօդուածով մը։
Ըստ յօդուածին՝ յիմարութիւն է սպանութիւններու քաղաքականութիւնը, զոր Իսրայէլ կ՚իրականացնէ «Հիզպուլլահ»ի դէմ։ Անոր նման կազմակերպութիւններ միշտ ատակ են իրենց ղեկավարութեան շարքերը համալրելու։
Հարկ է նշել, որ Իսրայէլի սպանութիւններու քաղաքականութիւնը՝ ուղղուած «Հիզպուլլահ»ի բարձրաստիճան ղեկավարներուն, դարձած է պարզապէս այլընտրանք նախապէս խոստացուած, բայց չիրականացուած ռազմավարական ձեռքբերումներուն եւ որպէս հանդարտեցնող բուժում, Իսրայէլի հիւսիսին համապարփակ պատերազմ սկսելու պահանջին դէմ։
Սպանութիւնները կը հրահրեն վիճակը՝ ցոյց տալով Իսրայէլի կրած մեծ վնասները, որովհետեւ կուսակցութիւնը կը հակադարձէ՝ հիւսիսի եւ Կոլանի մէջ իսրայէլացիներ սպաննելով։
Հիմնուելով այս տիպի միջադէպէրուն՝ որ Եասէր Քարպաշի նահատակութիւնն էր, որու հետեւանքով «Հիզպուլլահ» անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորեց Իսրայէլի Կոլանը եւ զոհեր պատճառեց:
Այս կէտին հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ է սպանութիւններու դերը։ «Հիզպուլլահ»ի նման կազմակերպութիւններ կրնան միշտ աւելի ծայրայեղ մարդոցմով համալրել ղեկավարութեան պատասխանատու շարքերը։ Հիւսիսի ռազմավարական իրագործելիութեան բացակայութեան եւ քաղաքական խելամտութենէ զուրկ սպանութիւններուն զուգահեռ, անշուշտ, կայ պատերազմին վերջ տալու հնարաւորութիւնը՝ գերիներու փոխանակումով։
Այս բոլորը շատ լաւ գիտէ Իսրայէլ, որուն համար հիւսիսի եւ հարաւի մէջ ռազմական մագլցումը կը բարդացնէ անցեալ հոկտեմբերին գերեվարուածներու ազատ արձակման դիւանագիտական ջանքերը։
Կազզէի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ սպանութիւններու քաղաքական վնասները, անոնց փոխարէն Իսրայէլի ունեցած զոհերը, ցոյց կու տան հեռանկարի բացակայութիւնը: Վերադարձի միակ ճանապարհը պիտի ըլլայ Կազզէի պատերազմը դադրեցնել եւ հիւսիսի վերաբնակիչներուն տունդարձի հնարաւորութիւն ստեղծել:
Ի վերջոյ, սպանութիւնները չեն սառեցներ «Հիզպուլլահ»ը եւ չեն փոխեր անոր գործունէութիւնը։ Յարձակումները եւ սպանութենէն ետք տեղի ունեցած կրակոցները կը վկայեն, որ Իսրայէլի բանակը ի վիճակի չէ «Հիզպուլլահ»ը սանձելու։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս