Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը վարժանքներու ընթացքին «խելացի» ռումբեր կիրառած է: Այդ մասին հաղորդած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Մարտական զօրավարժութիւններու ընթացքին Սու-25ՄԼ տեսակի ինքնաթիռներէն կրակ բացուած է ցամաքային թիրախներու վրայ, օգտագործուած են 250 եւ 500 քիլոկրամանոց «խելացի» թեւաւոր հրթիռային ռումբեր», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ գերատեսչութեան, «բոլոր ցամաքային թիրախները ոչնչացուած են ճշգրիտ օդային հարուածներով»:
Նախարարութիւնը չէ մանրամասնած, թէ ճիշդ երբ եւ ուր տեղի ունեցած է այդ վարժանքը եւ ինչ տեսակի «խելացի» ռումբեր կիրառուած են։