Տարիներէ ի վեր Հըզպալլա իր հրթիռները թիրախահար հրթիռներու վերածելու, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրելու կարողութիւն ունի, «հետեւաբար կարիք չկայ զանոնք Իրանէն փոխադրելու:
Հըզպալլա երէկ յետմիջօրէին կազմակերպեց իր նահատակ ղեկավարներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իրենց համար 1982-ն եղած է որոշումի, հիմնադրութեան, մեկնարկի եւ ծնունդի տարի, «իսկ աշխատանքը կը շարունակուի` մեր նահատակներուն թափած արիւնով», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ 1982-ը մեծագոյն սպառնալիքն էր Լիբանանին եւ շրջանին համար` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնն էր, որ իր արեամբ պահպանեց Լիբանանի ինքնութիւնը: «Ո՛վ որ այսօր Լիբանանի ինքնութիւնը կը քննարկէ, պէտք է յիշէ այս իրականութիւնը», յայտնեց ան:
Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլա դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ կ՛ուղղուի լրջութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ աշխուժութեամբ, ինչպէս որ է կացութիւնը մնացեալ բոլոր ընտրութիւններուն ընթացքին:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ տարիներէ ի վեր Հըզպալլա իր հրթիռները թիրախահար հրթիռներու վերածելու, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր արտադրելու կարողութիւն ունի, «հետեւաբար կարիք չկայ զանոնք Իրանէն փոխադրելու»:
Իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլին` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ կարելի է «Անսարիէ 2» գործողութեան դէմ յանդիման դրուիլ` աւելցնելով, որ բոլորը գիտեն, թէ Անսարիէի մէջ ի՛նչ կատարուած է: «Մեր տղաքը իւրաքանչիւր զարգացումի հետ քայլ պահելու ատակ վիճակի մէջ են, իսկ զինուորական արհեստագիտութեան առումով, մենք պատրաստ ենք, որեւէ զարգացումի», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանան ազատութեանց երկիր է, եւ պահրէյնցի ժողովուրդին իրաւունքն է իր ինթիֆատայի յիշատակը նշել:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն: