image

ISIS –ի Դէմ Պայքարող Սուրիացի Լրագրող Մը Սպաննուած Է Ղազի Այնթապի Մէջ

ISIS –ի Դէմ  Պայքարող Սուրիացի Լրագրող Մը  Սպաննուած Է Ղազի Այնթապի Մէջ

Այնթապ- («Թուտէյզ Զաման»-Պոլիս)- Սուրիացի աքթիւիսթ եւ լրագրող Նաժի Ալ-Ժուրֆ, որ վերջերս  «Իսլամական  Պետութիւն»  ահաբեկչական կազմակերպութեան վայրագութիւններու   մասին վաւերագրական ֆիլմ  մը պատրաստած էր, Կիրակի օր սպաննուած է հարաւային Թուրքիոյ շրջանը գտնուող Ղազի Այնթապին մէջ, այս մասին կը տեղեկացնէ «Թուտէյզ Զաման»ը: Թերթը կը նշէ, որ զինեալ մը անձայն ատրճանակէ մահացու կրակոց արձակած էր 37-ամեայ Ալ-Ճուրֆին վրայ, երբ ան կը քալէր Ղազի այնթապի հարաւային թաղամասերէն մէկուն մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ ընդդիմադիր «Hinta Magazine»ի գլխաւոր խմբագիր Ալ-Ժուրֆի սպաննութեան շարժառիթը կը մնայ անյայտ:Հաղորդագիրները կ'ըսեն, որ լրագրողը դարձած էր ISIS-ի թիրախ, անոր դէմ տարած պայքարին պատճառով: Կը նշուի նաեւ, որ ոստիկանութիւնը լրագրողի սպաննութեան կապակցութեամբ ներկայիս կը քննէ անվտանգութեան տեսախցիկի արձանագրութիւնները եւ կը լսէ  կարգ մը ականատեսներու վկայութիւնները: