image

Աթէնք. Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Առաքելեան հանդիպում ունեցած է Յունաստան-Հայաստան միջխորհրդրանական յանձն. ղեկավարին հետ

Աթէնք. Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Առաքելեան հանդիպում ունեցած է Յունաստան-Հայաստան միջխորհրդրանական յանձն. ղեկավարին հետ

Աթէնքի մէջ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան օրերս հանդիպում ունեցած է Հայաստան-Յունաստան բարեկամութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահին հետ։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ այդ մասին եղած հրապարակումը՝

Այսօր ճանաչողական այցով հանդիպում ունեցայ Յունաստան-Հայաստան բարեկամութեան միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նախագահ, Յունաստանի խորհրդարանի անդամ պարոն Վասիլիոս Իքոնոմուի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք երկու ժողովուրդներու միջեւ եղած դարաւոր բարեկամական կապերն ու մշակութային, հոգեւոր եւ արժեհամակարգային ընդհանրութիւնները։ Մեր երկխօսութեան առանցքն էր նաեւ այսօրուան աշխարհի մէջ մեր ժողովուրդներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու շուրջ միտքերու փոխանակումը եւ ատոնք դիմագրաւելու գործին մէջ հոգեւոր եւ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան ընդգծումը։

Զիս այս հանդիպման ընթացքին կ՚ուղեկցէր յունահայոց Թեմական խորհուրդի ատենապետուհի տիկին Լիւսի Պէրպէրեանը։