Էմանուէլ Մաքրօն հաստատած է, որ Սեպտեմբեր 22-ին կայանալիք ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին Ֆրանսա պիտի ճանչնայ Պաղեստինը։ Ֆրանսայի նախագահը այդ մասին գրառում կատարած է X-ի իր էջին։
«Խօսած եմ Պաղեստինի Ազգային Վարչակազմի նախագահ Մահմուտ Ապասի հետ… Նախագահ Ապպասին հաստատած եմ, որ Երկուշաբթի օր Նիւ Եորքի մէջ Պաղեստին պետութիւնը ճանչնալու իմ մտադրութիւնը»,— նշած է ան՝ աւելցնելով, որ այս որոշումը համահունչ է շրջանի համար խաղաղութեան աւելի լայն ծրագրին։
Ֆրանսայի նախագահը տակաւին Յուլիսին յայտարարած էր Պաղեստինը ճանչնալու իր մտադրութեան մասին։