Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Պաղեստին պետութիւնը ճանչնալու որոշումը՝ քանի մը երկիրներու կողմէ, պատմական եւ չափազանց կարեւոր է։
«Մօտ երկու տարի է, որ մեր տարածաշրջանը լուրջ մարդասիրական աղէտ կ՚ապրի՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ յարձակումներու ուժգնացման պատճառով։ Կազայի մէջ տեղի ունեցող կոտորածը, որ խլած է 65,000-էն աւելի մարդու կեանք, կը շարունակուի անդադար։ Ո՛չ մէկ խղճմտանք ունեցող մարդ կրնայ հաշտուիլ այս իրականութեան հետ կամ լռել նման ցեղասպանութեան առջեւ։
Նաթանիահուի կառավարութեան նպատակն է անկարելի դարձնել Պաղեստինի պետութեան ստեղծումը եւ պարտադրել պաղեստինցի ժողովուրդը փախիլ որքան կարելի է հեռու։
Այս բացասական զարգացումներու լոյսին տակ, խումբ մը երկիրներու, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներու կողմէ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշումը չափազանց կարեւոր եւ պատմական է»,– ըսած է Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ Պաղեստինին նուիրուած համաժողովի ընթացքին։