Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները 18 սեպտեմբերին իրականացուցին բանտարկեալներու փոխանակում՝ «5-ը 5-ի դիմաց» ձեւաչափով. այս մասին յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին, գրած է ԻՌՆԱ-ն:
«Միացեալ Նահանգներու բանտերուն մէջ գտնուող Իրանի հինգ քաղաքացի եւ Իրանի մէջ գտնուող հինգ ամերիկացի բանտարկեալ այսօր ազատ պիտի արձակուին»,- իր ամենշաբաթեայ ասուլիսին նշած է Քանաանին՝ աւելցնելով, որ Իրանի երկու քաղաքացի իրենց կամքով կը վերադառնան հայրենիք, մէկ իրանցի բանտարկեալ կը միանայ իր ընտանիքին երրորդ երկրի մէջ, եւ եւս երկու քաղաքացի կ'ուզեն մնալ Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Բացի այդ, Քանաանիի խօսքով՝ հարաւքորէական դրամատուներու մէջ Իրանի սառեցուած աւանդներն այժմ ամբողջութեամբ կը գտնուին Իսլամական Հանրապետութեան տրամադրութեան տակ: Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ պայմանաւորուածութեան շրջածիրէն ներս Իրանին հասանելի կ'ըլլայ 6 միլիառ տոլարը, որ սառեցուած է հարաւքորէական դրամատուներու հաշիւներուն մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու պատճառով։
Քանաանին չէ բացառած Նիւ Եորքի մէջ միջնորդներու միջոցով պատժամիջոցներու վերացման շուրջ բանակցութիւններու հնարաւորութիւնը:
Նշենք, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին մեկնած է Նիւ Եորք՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի 78-րդ նստաշրջանին։