Իրանը վերականգնած է ձայնի իրաւունքը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողէին մէջ` վճարելով կազմակերպութեան դիմաց իր պարտքը Քորէոյ մէջ սառեցուած իրանեան հաշիւներէն, յայտնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Մաժիտ Թահթ-Ռաւանչը:
Աւելի վաղ Իրանը հերթական անգամ զրկուած էր ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին մէջ ձայնի իրաւունքէն` կազմակերպութեան հանդէպ ունեցած պարտքին պատճառով: Ձայնի իրաւունք ստանալու համար Իրանէն կը պահանջուէր 18,4 միլիոն տոլար վճարել:
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը` որպէս ՄԱԿ-ի գործուն անդամ, մշտապէս հաւատարիմ եղած է իր անդամավճարներու ժամանակին վճարման եւ այժմ այդ ապացուցեց գործնականին մէջ: Ցաւօք, արդէն երկրորդ տարին է անընդմէջ կը բախինք անդամավճարի վճարման խնդիրի` Իրանի նկատմամբ ԱՄՆ-ի կողմէ սահմանուած միակողմանի, կոշտ պատժամիջոցներու պատճառով», յայտնած է մշտական ներկայացուցիչը: Ձայնի իրաւունքը կը վերականգնուի այսօրուընէ:
Իր հերթին, Հարաւային Քորէայի ԱԳՆ-ն հաստատած է, որ Իրանի 18 միլիոն տոլարի չափով անդամավճարի վճարումը իրականացուած է Քորէոյ մէջ իրանեան սառեցուած հաշիւներէն: Կը նշուի, որ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին ձայնի իրաւունքը կը վերականգնուի ֆինանսական գործողութեան աւարտէն յետոյ: