image

Էմիրութիւններ. Բնակչութեան հարիւր տոկոսը պատուաստուած է

Էմիրութիւններ. Բնակչութեան հարիւր տոկոսը պատուաստուած է

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ բնակիչներուն 100 տոկոսը ստացած է «Քովիտ»ի պատուաստանիւթի գոնէ մէկ դեղաչափ, իսկ աւելի քան 90 տոկոսը անցած է պատուաստման լիարժէք ընթացքը։

ԱՄԷ-ն աշխարհի մէջ առաջիններէն սկսած է պատուաստումը չինական «Sinopharm» պատոգաստանիւթով։ Օգտագործոգած է 21,8 միլիոն դեղաչափ պատուաստանիւթ։

2021 թուականի Մարտին ԱՄԷ-ն դարձած է տարածաշրջանի առաջին երկիրը, որ յայտարարած է «Քովիտ»ի դէմ պատուաստանիւթի արտադրութեան մեկնարկի մասին։ Ապու Տապիի Group 42 ընկերությունը միաւորուած էր չինական Sinopharm ընկերութեան հետ՝ Hayat-Vax պատուաստանիւթի մշակման համար։