1 Օգոստոսէն Ֆրանսան խստացուցած է սահմանափակումները այն անձանց նկատմամբ, որոնք չեն պատուաստուած «Քորոնա» ժահրային վարակի դէմ, գրած է korrespondent.net կայքը:
Մասնաւորապէս, երկիրը շարք մը արգելքներ սահմանած է նման մարդոց հասարակական վայրեր այցելելու համար՝ պարեր, ճաշարաններ, հիւանդանոցներ, առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոններ:
31 Յուլիսին ուժի մէջ մտած սահմանափակումներու մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։
Դիմելով ազգին՝ Ֆրանսայի առաջնորդը նշած է, որ պատուաստումէն հրաժարիլը եսասիրութեան եւ անպատասխանատուութեան դրսեւորում է:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել