Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտարարած է, որ մօտ ապագային խոշոր նաւթամուղ պիտի գործարկուի, որ թոյլ պիտի տայ երկրին իր նաւթի մեծ մասը արտահանել Օմանի ծոցով:
«Առաջիկայ ամիսներուն երկու խոշոր նախագիծեր ունինք կեանքի կոչելու: Անոնցմէ մէկը 1000 քմ երկարութիւն ունեցող նաւթամուղը պիտի ըլլայ, որ այնպէս կը տեղակայուի, որ մեր նաւթի մեծ մասի արտահանումն իրականացուի Օմանի ծոցով»,- «Թանսիմ» գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ըսած է Ռոհանին՝ ելոյթ ունենալով երկրի ազատ առեւտուրի գօտիին վրայ շարք մը տնտեսական նախագիծերու մեկնարկին նուիրուած արարողութեան ժամանակ:
Իրանցի նախագահն ընդգծած է նոր նաւթամուղի կարեւորութիւնը քաղաքական, անվտանգութեան եւ տնտեսական առումներով:
Նաւթամուղի կառուցման աշխատանքները մեկնարկած են 2020 թուականի յունիսին, իսկ նախագիծը կը գնահատուի 2 միլիառ տոլար: