image

Իրանի մէջ Ռուսաց դեսպանը կանչուած է Արտաքին Գործոց նախարարութիւն. Պատճառը Մոսկուայի կեցուածքներն են

Իրանի մէջ  Ռուսաց դեսպանը կանչուած է Արտաքին Գործոց նախարարութիւն. Պատճառը Մոսկուայի   կեցուածքներն են

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Թեհրանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Տետովը. պատճառը վերջին շրջանին Մոսկուայի կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնն է «միջանցքի» նախագիծին, որ պէտք է Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով կապէ Նախիջեւանի հետ։ Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի թելեկրամեան ալիքը:

Թեհրան իր մտահոգութիւնը յայտնած է եւ ըսած, որ դէմ է աշխարհաքաղաքական ցանկացած փոփոխութեան, որ կրնայ խախտել տարածաշրջանի հաստատուած սահմանները:

ԻՌՆԱ գործակալութիւնը մանրամասնած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնականը եւ Եւրասիոյ հարցերու գլխաւոր տնօրէն Մոճթապա Տեմիրչիլուն Ռուսիոյ դեսպան Տետովի հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Թեհրանի աջակցութիւնը տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ Իրանը դէմ է միջազգայնօրէն ճանչուած սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական սթաթուս քուոյի ցանկացած փոփոխութեան: Ան նաեւ ընդգծած է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն եւ օրինական մտահոգութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: 

Երկու դիւանագէտները, մտքեր փոխանակած են Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումներուն շուրջ: Ընդգծած են տարածաշրջանի երկիրներու կարողութիւններու օգտագործման անհրաժեշտութիւնը՝ խնդիրները լուծելու եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման եւ տնտեսական ծրագիրներու իրականացման համար՝ նկատի ունենալով բոլոր կողմերու շահերը։

Խօսուած է նաեւ «3+3» խորհրդատուական ձեւաչափի առաջիկայ հանդիպման մասին: Ձեւաչափը կը ներառէ հարաւկովկասեան երեք երկիրներ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը եւ հարեւաններ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան։ Ձեւաչափը կը վերաբերի տարածաշրջանի անվտանգութեան, տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման վերաբերող հարցերուն։